ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արուեստագէտ Ժիրայր Զորթեան (1911-2004) ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուած էր Յուլիս 14ին, «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ, որոշուած է երկարաձգել՝ անոր վայելած մեծ ժողովրդականաւոթեան պատճառով։ Ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին յաւելեալ գործեր, պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 12։
Նշենք, որ սոյն ցուցահանդէսին ընթացքին, 1954էն ի վեր արկղի մը մէջ պահուած «The Divorcement» ստեղծագործութիւնը հանրութեան ներկայացուեցաւ։ Սոյն գործին կողքին կը ցուցադրուին նաեւ Զորթեանի շարք մը այլ ստեղծագործութիւններ:
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale CA 91205։ Ցուցադրասրահը բաց է Երկուշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:
Մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 241-0611 թիւին, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին: