ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս աւարտած է «Ինսիտիում» կարճատեւ ֆիլմին արտադրութիւնը։ Անոր բեմադրիչն է Կրեկ Սթարզ, իսկ գլխաւոր դերակատար-պարողը՝ հայազգի Մարիամ Վարդանին։
Անցեալ տարի, «La Femme et le TGV» ֆիլմին համար «Օսքար»ի թեկնածու դարձած Ժան տէ Մերոն գլխաւոր արտադրողն է այս ֆիլմին, իսկ երաժշտութեան հեղինակն է Նիքլըս Նիտհարթը։ Ֆիլմին պարերու համաձեւողը Նարինէ Սարգիսեանն է։
«Ֆիլմը ստեղծագործութեան տօնակատարութիւն մըն է։ Անիկա շարժապատկերային տարածուն պտոյտ մըն է, որ կը զննէ կեանքի եւ մահուան ծալքերը՝ պարային շարժումներու ընդմէջէն», գրած են ֆիլմի արտադրիչները։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.imdb.com/title/tt6540930/?ref_=nm_flmg_act_1 կայքէջը։