
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը ապահովելու նպատակով, եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբը կազմակերպած է տարեկան հինգերորդ՝ «Կամուրջ դէպի ապագայ» ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30ին, Սան Տիէկոյի «Շերըթըն Մարինա Պէյ» պանդոկին մէջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ:
Տոմսերու սակը 250 տոլար է:
Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն է Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու կազմակերպութեան (ASEAN) մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան (2014-2017) Նինա Խաչիկեան, իսկ հանդիսավարն է՝ Սան Տիէկոյի «Սի.Պի.-Էս.» կայանի հաղորդավար Տեն Քոհեն։

Յիշեցնենք, որ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցի ծրագիրը, երկար պայքարէ մը ետք, անցեալ տարի վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ յանձնաժողովին կողմէ: Տել Մար քաղաքին մօտերը գտնուող նոր համալիրին կառուցումը պիտի իրականացուի հանգրուաններով, իսկ անոր աւարտին, իր շրջափակին մէջ պիտի ունենայ նոր եկեղեցի, ընկերային ձեռնարկներու յատուկ սրահ, երիտասարդական կեդրոն, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.stjohngarabed.org կայքը: Նուիրատուութեանց համար, դիմել (858) 569-6527 թիւին կամ garytakessian34@yahoo.com հասցէին: