ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, ՄԱՏՐԻՏ, «Էյ.Փի.».- Քաթալոնիոյ տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 8ին յայտարարեցին, թէ հակառակ Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութեանց ջանքերուն, իրենք որոշած են չյետաձգել Հոկտեմբեր 1ին նախատեսուած եւ Քաթալոնիոյ անկախութեան առնչուող հանրաքուէն։
Նոյն օրը, Սպանիոյ Գերագոյն ատեանը հանրաքուէն չկատարելու պահանջ ներկայացուցած էր Քաթալոնիոյ իշխանութեանց, մինչ ընդհանուր դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է նահանգային կարգ մը ղեկավարներու դէմ, կեդրոնական իշխանութեանց որոշումները անտեսելու մեղադրանքով։
Կողմերուն միջեւ ճակատումը սրեցաւ Հինգշաբթի օր, երբ նահանգային խորհրդարանը վաւերացուց օրէնք մը, որ անկախութեան կողմնակիցներուն կարծիքով՝ իրաւաբանական հիմք կը ստեղծէ շրջանը Սպանիոյ կազմէն դուրս բերելու գծով:
Յայտնենք, թէ օրէնքը ի զօրու պիտի դառնայ միա՛յն, եթէ հանրաքուէին ընթացքին Քաթալոնիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը անկախութեան ի նպաստ քուէարկէ։