ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Տիք Տըրպըն առաջարկած է պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի շարք մը պաշտօնատարներու դէմ: Ան այս առաջարկը կատարած է Սեպտեմբեր 7ին տեղի ունեցած Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբի նիստին ընթացքին, երբ կը քննարկուէին արտաքին յատկացումներուն ծրագիրները: Ծերակուտականին առաջարկը տեղ գտած է յանձնաժողովի որոշումներու փաթեթին մէջ:
Պատժամիջոցները կը նախատեսեն Ամերիկայի մուտքի իրաւունքի սահմանափակումներ՝ Ատրպէյճանի ա՛յն պաշտօնատարներուն հանդէպ, որոնք կապ ունին ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան տնօրէնի կալանաւորման հետ: