ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Սուրիական բանակը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ երկու զինուորներ զոհուած են, երբ իսրայէլեան օդուժը Սեպտեմբեր 7ին ռմբակոծած է Համայի գիւղական Մսիաֆ շրջանին մէջ գտնուող զինուորական դիրք մը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ իսրայէլեան օդուժը, Լիբանանի օդային տարածքէն հրթիռներ արձակելով՝ հարուածած է Մսիաֆի մօտ գտնուող զինուորական դիրքեր: Օդային հարուածին պատճառով նաեւ նիւթական վնասներ արձանագրուած են:
Սուրիական բանակը իր կարգին զգուշացուց՝ «շրջանի ապահովութեան ու կայունութեան վրայ այսպիսի նախայարձակ արարքներու ունեցած վտանգաւոր հետեւանքներէն», վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ սուրիական բոլոր տարածքներէն արմատախիլ ընել ահաբեկիչները, «որքա՛ն ալ շատ ու տարատեսակ ըլլան այդ աւազակախումբերուն տրամադրուած աջակցութիւնը»: Նախքան այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի առաջին կայանը հաղորդած էր, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է սուրիական Մսիաֆ շրջանին մէջ գտնուող հեռահար հրթիռներու արտադրութեան գործարան մը:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին յայտարարեց, որ Մսիաֆի մէջ օդային հարուածի մը ենթարկուած է ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ գիտական ուսումնասիրութեանց ու հետազօտութեան կեդրոնը, որ կը նկատուի իբրեւ սուրիական մարմինին պատկանող՝ ոչ-աւանդական զէնքերու կառոյց մը: