ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն, թէ Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբերին այցելեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպեցաւ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի հետ:
Լեւոն արք. Զէքիեան կաթողիկէ համայնքին կողմէ շնորհաւորեց Պէքճեան սրբազանը պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին զանազան հարցերու շուրջ: