ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Մոնթրէալահայ բժիշկ Արսէն Պասմաճեան վերջերս ընտրուեցաւ Գանատայի երկրորդ մեծագոյն նահանգը հանդիսացող Քեպեքի սրտաբաններու ընկերակցութեան նախագահ:
Բջիջային կենսախտաբանութեան մասնագէտ տոքթ. Պասմաճեան հեղինակ է շարք մը բժշկագիտական յօդուածներու եւ Canadian Journal of Cardiology-ի խմբագրական կազմին անդամ է:
Տոքթ. Պասմաճեան Մոնթրէալահայութեան ծանօթ ազգայիններ Երուանդ եւ Անի Պասմաճեաններու զաւակն է, հօրենական արմատներով՝ այնթապցի, իսկ մօրենական պապենական արմատներով՝ տիգրանակերտցի: