ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը մեկնեցաւ Աթէնք՝ ընդառաջելով Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի հրաւէրին:
Յաջորդող օրերուն վեհափառը կը մասնակցի պետութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող միջազգային համագումարին՝ յատկացուած Միջին Արեւելքին եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութեան մէջ կրօններու ու մշակոյթներու համակեցութեան ու երկխօսութեան:
Սոյն համագումարին կաթողիկոսին կողքին կը մասնակցին Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանոր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան՝ իբրեւ անդամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական պատուիրակութեան:
Այս առիթով, կաթողիկոսը իր պատգամը պիտի ուղղէ Յունաստանի հայութեան եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային իշխանութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ: