ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին, պաշտօնական այցով Իսրայէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ Իսրայէլի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Բենիամին Նեթանիահուի հետ:
Հանդիպումը սկսաւ ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, ապա շարունակուեցաւ առանձնազրոյցով:
Ողջունելով հիւրը՝ Իսրայէլի վարչապետը յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստակամ է ընդլայնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունի համագործակցութեան մեծ ներուժ:
Նալբանդեան գոհունակութեամբ ըսաւ, որ վերջին շրջանին հայ-իսրայէլական շփումներու աշխուժացում կը նկատուի: Ան յայտնեց, որ՝ հիմնուելով երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական հարուստ աւանդութիւններուն վրայ, համատեղ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները նոր լիցք կրնան ստանալ:
Հանդիպման ընթացքին հանգամանալից քննարկում տեղի ունեցաւ հայ-իսրայէլական երկկողմ օրակարգի հարցերու, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան շուրջ: Միտքեր փոխանակուեցան երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման, գործարար կապերու խթանման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, գիտութեան եւ կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններուն շուրջ:
Վարչապետ Նեթանիահու եւ նախարար Նալբանդեան միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ հարցերու, միջինարեւելեան հարցերու զարգացումներուն շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան Իսրայէլի վարչապետին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերը: