ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վանի Ոստան շրջանի Ալթընսաչ գիւղին մէջ գտնուող հայկական Ս. Թովմաս կիսաւեր եկեղեցին այժմ կ՛օգտագործուի իբրեւ ախոռ:
Վանայ լիճի ափէն ոչ շատ հեռու՝ 400 մեթր բարձրութեան վրայ 10 կամ 11րդ դարուն կառուցուած այս եկեղեցւոյ մէջ ամփոփուած են Թովմաս առաքեալի մասունքները: Եկեղեցին 1671 թուականի վերանորոգումէն ետք վերածուած է վանական համալիրի: Պատերուն մէջ գանձ որոնողներու բացած անցքերուն եւ շինութեան հասցուած վնասներուն իբրեւ հետեւանք՝ լքուած եկեղեցին այժմ կանգնած է փլուզման վտանգին առջեւ:
Ս. Թովմաս եկեղեցի այցելած թրքական «Կազեթեքարընչա» լրատուական կայքի հետազօտող-լրագրող Իքրամ Իշլեր կը գրէ. «Ժամանակին այստեղ հաւատք կար: Քրիստոսի առաքեալները կային: Կը հնչէր հոգեւոր երաժշտութիւն ու պատարագներ կը մատուցուէին: Սակայն եկած է այն օրը, երբ եկեղեցին որպէս ախոռ կ՛օգտագործեն»:
Քանի մը տարի առաջ, Վանի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը կոչ ըրած էր այցելութիւններ կազմակերպելու դէպի սոյն եկեղեցին: Հակադարձելով պատկան մարմիններու անհետեւողականութեան՝ Իշլեր կը գրէ, որ զբօսաշրջիկը եկեղեցին այցելելով՝ ախոռ պիտի տեսնէ ու պիտի հիասթափուի:
Լրագրողին խօսքով՝ Վանի մշակոյթի վարչութիւնը դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհ մը բացած է, սակայն անիկա իր նպատակին չի ծառայեր, քանի որ կուպրի չգոյութեան պատճառով՝ ցեխ կը յառաջանայ եւ ճանապարհը անանցանելի կը դառնայ։