ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական «Ֆրանս 2» կայանի «Cash Investigation» յայտագիրի գլխաւոր պատասխանատու լրագրողուհի Էլիզ Լիւսէի եւ թղթակից Լորան Ռիշարի դէմ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի բացած դատին վճիռը արձակուեցաւ:
Արդարեւ, Պաքուի բողոքը հիմնուած էր այն պնդումին վրայ, թէ նշեալ յայտագիրին մէջ Սեպտեմբեր 7, 2015ին, Ատրպէյճանի համար գործածուած «բռնակալութիւն» բնորոշումը զրպարտութիւն մըն է եւ վարկաբեկիչ՝ երկրին համար:
Սակայն, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, ֆրանսական դատարանը յայտարարեց, թէ Պաքուի կողմէ ներկայացուած բողոքը անընդունելի՛ է: Դատարանի նախագահը այս առթիւ յայտարարեց. «Մամլոյ մասին օրէնքը հաստատուած է, որպէսզի առաջքը առնուի քաղաքական որեւէ գրաքննութեան: Հետեւաբար, անիկա չի կրնար արտօնել, որ պետութիւն մը գրաքննէ քաղաքացի մը, ա՛լ աւելի՝ լրագրող մը»:
Վճիռի արձակումէն անմիջապէս ետք, Ռիշար «Լը Մոնտ»ին յայտնեց. «Այս որոշումը հզօր պատգամ մը կը յղէ Ատրպէյճանին եւ օտար բոլոր պետութիւններուն, թէ անոնք չեն կրնար իրենց գրաքննութիւնը արտածել իրենց սահմաններէն անդին: Կը յուսամ, որ այս վճիռը կը ներշնչէ ատրպէյճանական արդարադատութեան համակարգը, որ ամէն օր կը հալածէ լրագրողներ, տնտեսապէս շնչահեղձ կը դարձնէ թերթեր եւ կը բանտարկէ հետաքննութիւններ կատարող թղթակիցները, մանաւանդ՝ վարչակարգի զեղծարարութեանց մասին հետաքքնողները»։
Պաքու որոշած է վճիռը վերաքննութեան ենթարկելու դիմում կատարել: