ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Այս տարուան Յունուարէն Հոկտեմբեր ամիսներուն, Արցախի մէջ արձանագրուած է 771 ամուսնութիւն:
Այս մասին «Արցախփրէս»ի թղթակիցին տեղեկացուցած են Արցախի արդարադատութեան նախարարութեան եւ նոտարական գործակալութեան կեդրոնական մարմինէն՝ յայտնելով, որ համեմատելով նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ, ամուսնութիւններուն թիւը աճած է 51ով, կամ աւելի քան 7 տոկոսով:
Ամենաշատ ամուսնութիւնները արձանագրուած են Ստեփանակերտի մէջ՝ 321, նախորդ տարուան 275ի փոխարէն, իսկ շրջաններէն Մարտակերտի մէջ՝ 109, 2016ի նոյն ժամանակահատուածի 83ին դիմաց: