ԵՐԵՒԱՆ.- Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ 24 Նոյեմբերին ստորագրուեցաւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիրը:
«Եւրոմիութիւն-Հայաստան համաձայնագիրը նոր դռներ կը բանայ: Այժմ մենք կեդրոնացած կ՛աշխատինք, որպէսզի անիկա լաւագոյն կերպով կեանքի կոչուի», Երկուշաբթի, 27 Նոյեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սվիթալսքի:
Ըստ դեսպանին՝ համաձայնագիրը պէտք է տեսանելի ըլլայ սովորական հայաստանցիին: «Այս բանը կը կատարենք սովորական հայաստանցիին համար: Ճիշդ է, դիւանագէտները բանակցեցան այս փաստաթուղթին շուրջ, բայց անիկա հասարակ քաղաքացիներուն համար է», ըսաւ ան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ համաձայնագիրով Հայաստան բազմաթիւ պարտաւորութիւններ կը ստանձնէ՝ փտածութեան դէմ պայքար, դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներ, ազատ մրցակցային յարաբերութիւններ գոծարարութեան համար… եթէ այս պարտաւորութիւնները չկատարուին, կամ թերի կատարուին, որո՞նք են այն գերկառոյցները, որոնց միջոցով Եւրոմիութիւնը պիտի փորձէ վերահսկել այս պարտաւորութիւններու իրականացման գործընթացին եւ ի՞նչ կը պատահի, եթէ անոնք չկատարուին՝ Սվիթալսքի պատասխանեց. «Համաձայնագիրը համագործակցային բնոյթ ունի. այս կը նշանակէ, որ անիկա մեր համատեղ ջանքերուն եւ պարտականութիւններուն մասին է. երկուքն ալ յանձնառութիւն վերցուցած են՝ աշխուժացնելու իրենց յարաբերութիւնները։ Խօսքը զանազան ոլորտներու մասին է՝ փտածութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու… եւ ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսպէս՝ մենք կը միատեղենք մեր ջանքերը: Եւրոմիութիւնը կը քաջալերէ, կ՛աջակցի, բայց երբեք չի պարտադրեր, ուրեմն վստահ ենք, որ լաւ ոգիով պիտի կատարուին այդ յանձնարարականները: Անհրաժեշտ չեմ նկատեր խօսիլ ձախողութիւններու մասին այս պահուն, որովհետեւ շատ լաւատես եմ, որ այս համաձայնագիրը նոր որակ պիտի բերէ մեր յարաբերութիւններուն»:
Եւրոմիութիւնը 25 տոկոսով պիտի աւելցնէ Հայաստանի զարգացման ուղղուող աջակցութիւնը՝ տրամադրելով նաեւ արհեստագիտական աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման նպատակով, որ պիտի կազմէ ամէնամեայ գործողութիւններու ծրագիրին մեծ մասը:
«Մինչեւ 2020, միասնական աջակցութեան ծիրին մէջ Հայաստանին պիտի տրամադրուի 170 միլիոն եուրօ: Սակայն ասիկա չսպառեր այն հնարաւորութիւնները, որոնք կրնան բացուիլ այս համաձայնագիրի ստորագրումով», յայտարարեց Փիթըր Սվիթալսքի: