ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ռուսական դեսպանատան Մշակութային կեդրոնին Երկուշաբթի, 15 Յունուարի երեկոյեան, ռուսական մշակութային կեդրոնին մէջ՝ Վերտան, տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը:
Նկատի ունենալով, որ 2018 տարին կը զուգադիպի ծովանկարիչին ծննդեան 200ամեակին, Ռուսական մշակութային կեդրոնը ձեռնարկած է այս աշխատանքին՝ դիմելով միութիւններու, արուեստագէտներու, աշակերտներու, որպէսզի գծեն ծովը: Այսպիսով, կեդրոնը կը նպատակադրէ նոր սերունդին ծանօթացնել Այվազովսքին եւ քաջալերել ծովանկարչութիւնը:
Մշակութային կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Վատիմ Լայչիքով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալութիւն յատնեց բոլորին իրենց մասնակցութեան համար: Ան նկատել տուաւ, որ տարբեր միջավայրերէ եկած արուեստագէտներ, աշակերտներ, միութիւններ Իվան (Յովհաննէս) Այվազովսքի-Այվազեանի նման գծած են ծովը՝ իրենց ներաշխարհին համաձայն, եւ այդ մէկը բաւական հետաքրքրական մթնոլորտ կը ստեղծէ:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Յակոբ Հանտեան, ելոյթ ունենալով՝ շատ դրական նկատեց Ռուսական մշակութային կեդրոնին հետ առաջին գործակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց յառաջիկային գործակցութեան այլ ծրագիրներ ալ իրականացնելու: Ան յատուկ առիթ նկատեց Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200ամեակին նուիրուած սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպումը եւ շեշտեց, որ անիկա հպարտանք է թէ՛ հայութեան եւ թէ ռուս ժողովուրդին:
Աւարտին վկայագիրներ յանձնուեցան մասնակիցներուն:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ նաեւ Երեքշաբթի, 16 Յունուարին։