Երեքշաբթի, 16 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը մեկնեցաւ Գահիրէ՝ մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին նուիրուած Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին: Վեհափառին կ՛ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Համագումարը տեղի կ՛ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու:
Ազհարը սիւննի իսլամ համայնքի միջազգային կեդրոնը կրօնական եւ բարոյական մեծ վարկ կը վայելէ իսլամական աշխարհին մէջ:
Չորեքշաբթի, 17 Յունուարի առաւօտեան, համագումարի առաջին նիստին խօսք առնելով՝ Արամ Ա. շեշտեց, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»: Ապա կաթողիկոսը հետեւեալ 4 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.
- Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը ու ներքին դրուածքը, յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ ու նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն:
- Միակողմանի որոշումներ ու մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանէն ներս ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն:
- Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական որեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել ու սրել ներկայ տագնապը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը՝ Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք՝ իսրայէլեան ու պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող:
- Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք: Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններու՝ սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագիծէն ներս, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման: Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան գործընթացքի ծիրին մէջ, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշդող իրավիճակը պէտք է պահել: