ՔԵՍԱՊ.- Մշակութային կեանքի երկար ընդմիջումէ մը ետք, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր մշակութային եւ գրական երեկոյի մը՝ նուիրուած Պարոյր Սեւակի մահուան 45ամեակին, ինչպէս նաեւ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի հեղինակած «Քեսապ-2014, Տեղահանութիւն Եւ Վերադարձ» գիրքին մատուցման ու գինեձօնին:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ, պատմական ու գողտրիկ վայր մը, ուր հաւաքուած էին գիւղի հոգեւոր հովիւներ՝ Նարեկ քհնյ. Զերէնցեան եւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Քեսապի մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կէս հարիւրակ մը համագիւղացիներ:
Բացման խօսքը կազմակերպող վարչութեան անունով արտասանեց վարչութեան անդամ Մարալ Կարճիկեան, որ բարի գալուստի պատշաճ խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ գիրքի հեղինակին կենսագրական տուեալները:
Օրուան բանախօս Յասմիկ Աւագեան-Սաղտճեան ծնած է Երեւան. ուսած ու աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի գրականութեան ճիւղը:
Գիրքին հեղինակ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան, ծնած է Տըրպէսիէ ուսած է Հալէպ՝ աւարտելով Հալէպի Պետական համալսարանի Տնտեսագիտութեան բաժինը‘՝մասնագիտանալով վիճակագրութեան ճիւղին մէջ: Հեղինակն է 2010ին հրատարակուած «Քեսապ Շրջանի Հայութեան Վիճակագրութիւն 2006-2007» գիրքին:
Օրուան բանախօսը հետաքրքրական վերլուծութեամբ մը ներկայացուց Պարոյր Սեւակի կեանքն ու գործը‘ անդրադառնալով վաղամեռիկ գրագէտին կեանքի փուլերուն, անոր մտաւոր զարգացումին, հասնելով մինչեւ համալսարանին մէջ իբրեւ դասախօս իր դրական ներկայութեան: Ան միաժամանակ պեղեց բանաստեղծին հոգեկան աշխարհը, վերլուծեց անոր բանաստեղծութիւններուն խորքն ու ոճը, ներաշխարհի ալեկոծումներն ու փոթորկումները՝ ամբողջական պատկեր մը ներկայացնելով Պարոյր Սեւակ մտաւորականին ու բանաստեղծին մասին:
Երեկոյի գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուեցաւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
Այնուհետեւ, Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան, հանդէս գալով՝ նախ իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց քեսապահայութեան, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գիրքին հովանաւորին:
Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրքին հետեւեալ երեք մասերը.
և Պատմական՝ Տեղահանութեան, Լաթաքիա կեցութեան եւ վերադարձի:
և Երկրորդ մաս՝ վիճակագրական սիւնակներ ստոյգ տուեալներով:
և Երրորդ մաս՝ լուսանկարներով լուր պատմումի բաժին:
Ան անդրադարձաւ գիրքի խորքին ու տեղեկութիւններու ներկայացման ամփոփ եւ խիտ ըլլալու այժմէական անհրաժեշտութեան մասին:
Ապա ներկայ երկու հոգեւոր հայրերուն եւ հեղինակին ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը:
Հուսկ ներկաներուն գիրքէն մէկական օրինակ յատկացուեցաւ։