ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յաջորդական տասներորդ տարին ըլլալով իրականացուող Հայ կրթական հիմնարկութեան դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրը, այս տարի իր հաւաքը կատարեց Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ։
Արդարեւ, Յունուար 20ին, վարժարան հաւաքուեցան Հայ կրթական հիմնարկութենէն 28 կամաւորներ, եւ վարժարանի աշակերտական խորհուրդէն 16 կամաւորներ պատրաստեցին 30 սնտուկներ, որոնք պիտի հասնին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 330 աշակերտներու, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը ուսուցիչներու։
Այս տարուան օժանդակութիւնը պիտի բաժնուի Հայաստանի մէջ 5, իսկ Արցախի մէջ 13 վարժարաններու աշակերտներու՝ կը յայտնեն ծրագիրի պատասխանատուներէն Ճան եւ Մայքըլ Պաղտասարեանները՝ աւելցնելով, որ վարժարանն ու հիմնարկութիւնը որոշած են համագործակցութիւնը շարունակել, նպատակ ունենալով 2019ին 1000 աշակերտներու գրենական պիտոյքներով լեցուն դպրոցական պայուսակներ հասցնել։
Նշենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութեան դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ 2007ին, երբ Հայաստան այցելող Սաւատեան ընտանիքի անդամները նկատեցին, թէ աշակերտները դպրոցական կենսական պիտոյքներու անմիջական կարիքը ունին։ Այդ ծրագիրը վերջին 10 տարիներուն օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի դպրոցներէն մօտաւորապէս 19,000 աշակերտներու, որոնք գլխաւորաբար գիւղական շրջաններու բնակիչներ են։
Այս ծրագիրին միջոցով, Միացեալ Նահանգներու դպրոցներու աշակերտները կրնան գործնականապէս օգնել Հայաստանի աշակերտներուն՝ նուիրելով դպրոցական պիտոյքներ, հոգեպէս բաւարարուելով, երբ իրենց նուիրատուութիւնները հասնին Հայաստանի դպրոցներու ամենակարիքաւոր աշակերտներուն:
1950 թուականէն ի վեր, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հանդիսացած է հայ կրթական շարժման ողնասիւնը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Անիկա օգնութեան հասած է հազարաւոր հայ աշակերտներու ու բազմաթիւ դպրոցներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Անոր գերագոյն նպատակը միշտ եղած է հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ նուիրատուութիւններու համար, դիմել (818) 242-4154 թիւին եւ aef@aefweb.org հասցէին, կամ՝ այցելել www.aefweb.org կայքը։