ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 5 Փետրուարի երեկոյեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ շեշտը դրուեցաւ հայ իրականութեան մէջ հայ երիտասարդին կարեւոր դերակատարութեան վրայ, որուն գիտակից պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ուսանող եւ ըստ այնմ ծառայէ իր ազգին:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ազգի մը առողջ, գործունեայ եւ կայուն վիճակ ունենալուն մէջ երիտասարդ տարրին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը:
Ապա խօսքը ուսանողներուն ուղղելով‘ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ըսաւ, թէ հպարտութիւն է տեսնել հայ ուսանողներ՝ տարածուած տարբեր համալսարաններու մէջ, բացուած տարբեր գաղափարներու եւ մտածելակերպերու, վստահութիւն յայտնելով, որ անոնք իրենց սրբազան լեզուին եւ դարաւոր արժէքներուն կառչած մնալով բարձր կը պահեն հայու անունը եւ միասնականութեան ու ազգասիրութեան գերագոյն օրինակ կը հանդիսանան բոլորին, ուր ալ գտնուին:
Խօսք առաւ ԱՖՀԻԼի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ սկիզբը անդրադարձաւ հաստատութեան ծնունդին, անոր 20ամեայ գործունէութեան, որուն սկզբնական փուլը բաւական դժուար եղած է, որովհետեւ թէ՛ գաղափարը ընկալելու հարց գոյութիւն ունեցած է եւ թէ՛ մրցակցութիւնը եղած է սուր: «Սակայն ժամանակի ընթացքին իրերայաջորդ վարչութիւններու եւ պատկան մարմիններու հոգատարութեամբ եւ պաշտօնէութեան հաւաքական աշխատանքի ոճի որդեգրումով, կամաց-կամաց գաղութին մէջ մեր ինքնուրոյն տեղը ունեցանք: Այսօր ԱՖՀԻԼի անդամներուն թիւը 7 հազար է, իսկ ինքնաշարժներու ապահովագրութեան թիւը կ՛անցնի 10 հազարը», ըսաւ ան: Ըստ անոր, վերջին տասնամեակին ԱՖՀԻԼ իր հասոյթէն հիմնած է 4 մարզական կեդրոններ, որոնք երիտասարդութեան համար առողջ եւ մաքուր պայմաններ կը ստեղծեն, եւ ուր կը յաճախեն 3000 երիտասարդներ՝ 80 առ հարիւրը հայեր, ԱՖՀԻԼ կը հրատարակէ «Զգուշ» առողջապահական պարբերաթերթը, ունի հիւանդանոցային տնային սարքերու եւ հիւանդատարի ծառայութեան դրութիւն:
Խօսելով համալսարանական եւ աշակերտական ֆոնտերուն մասին՝ Յակոբ Լատոյեան ըսաւ. «2017-2018 տարեշրջանին ԱՖՀԻԼի համալսարանական ֆոնտին դիմեցին 190 ուսանողներ, ընդունուեցաւ 143 դիմումնագիր, իսկ 167 աշակերտներէ ընդունուեցաւ 115 դիմումնագիր». ան բացատրեց, որ մերժուողներուն մեծամասնութիւնը յաջորդական երկու տարի օգտուողներն են կամ նոյն ընտանիքէ մէկէ աւելի դիմում կատարողները: Անոր համաձայն՝ ուսանողական եւ աշակերտական ֆոնտէն անդին ԱՖՀԻԼի վարչութիւնը տարեկան հասոյթէն բաժին մը կը յատկացնէ գաղութին մէջ յատուկ նշանակութեան ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն՝ ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Համազգայինի «Լեւոն Շան»չ կեդրոնին եւ Հայ ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» կեդրոնին:
«Այսպիսով, մեր օժանդակութեան ընդհանուր գումարը կը հասնի 150 միլիոն լիբանանեան ոսկիի. ամէն տարի մեր նպաստներու բարձրացումը կախում ունի մեր թիւին աճէն: Իւրաքանչիւր տարուան հաշուեկշիռի քննարկումէն եւ ֆոնտի յանձնախումբի զեկուցումը լսելէ ետք վարչութիւնը ըստ այնմ պիւտճէն կը քուէարկէ:
«Այսօր ԱՖՀԻԼը կը շարունակէ բարգաւաճիլ, բազմանալ շնորհիւ իր անդամներուն բանաւոր քարոզչութեան: ԱՖՀԻԼի հիւանդանոցային ծախսերու գումարը 2017ին անցաւ 3 միլիոն ամերիկեան տոլարը: Սիրելի՛ ուսանողներ, այս զեկուցումը լսելէ ետք, կը փափաքինք, որ բոլորդ ալ կապը պահէք մեր համայնքի բազմաբնոյթ միութիւններուն հետ՝ մշակութային, կուսակցական, կրօնական, մարզական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ: Վերջապէս պէտք է յիշեմ նաեւ, որ ԱՖՀԻԼի ճիգերով վերջին տարիներուն թափ ստացած է «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը. գաղութին մէջ հիւանդանոցային իւրաքանչիւր բարդ պարագայի համար ԱՖՀԻԼի ճիգերով գումար կը հաւաքուի, եւ նեցուկ կը կանգնինք անոր՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելով», ըսաւ Լատոյեան:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Յակոբ Լատոյեան դիտել տուաւ, որ մեր կառոյցները նոր ուժերու կարիք ունին, ուստի, ան կոչ ուղղեց ուսանողներուն՝ համայնքին մէջ մնալու եւ խօսք տալու, որ միութիւններու ճամբով ներդրում պիտի ունենան հայութեան կեանքին մէջ:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ուսանողներուն քաջալերական խօսքեր ուղղեց Տիգրան Ճինպաշեան, որ ԱՖՀԻԼը՝ իբրեւ իրերօգնութեան սնտուկ, նկատեց եզակի երեւոյթ մը Սփիւռքի մեր համայնքներուն մէջ՝ հատատելով, որ ազգի մը բարօրութեան եւ պայծառ ապագային մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նման կառոյց մը:
Տիգրան Ճինպաշեան նաեւ հաստատեց, որ ուսանողները պէտք է ամէն ջանք թափեն եւ աշխատանք ի գործ դնեն, որպէսզի իբրեւ հայեր պատուաբեր ներկայութիւն ըլլան օտարներուն մէջ, բարձր պահեն հայութեան անունը եւ փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերեն:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ուսանողները ստացան իրենց կրթանպաստները, որոնք տրամադրուեցան հետեւեալ համալսարանները յաճախողներուն։