Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, վերջերս հովուական այցելութեամբ կը գտնուէր Իրաքի Քիւրտիստանի շրջան, Էրպիլի մէջ հայկական նոր կառուցուող եկեղեցւոյ հիմնարկէքին առիթով։ Արդ, 5 Փետրուարին, ան այցելեց Մուսուլի հայկական եկեղեցիները՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու քանդուած եկեղեցիներու վիճակին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին կը յայտնէ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան: Առաջնորդին կ՛ուղեկցէին Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Գատոյեան, Մուսուլի հարթավայրերու համայնքի ատենապետ Շանթ Մուրատեան, Աշթար պատկերասփիւռի ընկերութեան տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեան եւ Մուսուլի թաղական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Կիւլիւզեան: Աւագ սրբազանը Մուսուլ գտնուած ժամանակամիջոցին հանդիպեցաւ Մուսուլի Սիրիան եկեղեցւոյ առաջնորդ Պետրոս Մուշիի հետ. անոնք խօսեցան Մուսուլի վիճակին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.