ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 11 Փետրուար 2018ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave. La Crescenta CA 91214) տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին ամսական հերթական դասախօսութիւնը, որ այս անգամ նուիրուած է «Սալմաստի ժառանգութիւնը՝ արուեստին, մշակոյթին եւ պատմութեան» նիւթին: Հայերէնով պիտի դասախօսէ ճարտարապետ դոկտ. Մարքօ Փրամպիլլա: Դոկտ. Փրամպիլլա ճարտարապետ է եւ մասնագէտ ճարտարապետութեան պատմութեան, ի մասնաւորի՝ հայկական եւ իսլամական ճարտարապետութեանց: Ան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Գերմանիոյ մէջ, ապա ուսած է արուեստի պատմութիւն եւ հնագիտութիւն՝ Միւնիխի մէջ, Գերմանիա: Միաժամանակ, ուսած է ճարտարապետութիւն՝ Փարիզի Ecole Des Beaux Arts-ի մէջ: Ան նաեւ վկայուած է Հռոմի ճարտարապետական դպրոցէն՝ մասնագիտանալով պատմական յուշակոթողներու պահպանման մէջ: Դասաւանդած է աշխարհի հանրայայտ ճարտարապետական դպրոցներէ ներս: Իբրեւ ճարտարապետական կոթողներու պահպանման մասնագէտ, ան դասաւանդած է Իտալիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի մէջ, ուր նաեւ աշխատած է իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ զանազան յուշակոթողներու վերանորոգման: Ան նաեւ բացայայտած ու նկարագրած է 230է աւելի անյայտ հայկական եկեղեցիներ, համագործակցաբար Միլանի համալսարանին հետ։ Դոկտ. Մարքօ Փրամպիլլա կը շարունակէ հայկական եւ իսլամական ճարտարապետութիւն առարկան դասաւանդել UCLA-ի մէջ: Ան դասախօսութիւններով հանդէս կու գայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ ցոյց տալով 13-17րդ դարերու հայկական եւ իսլամական ճարտարապետութեանց առանձնայատկութիւնները։
Սոյն դասախօսութիւնը կազմակերպուած է Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ: Դասախօսութեան մուտքը ազատ է: Կը հրաւիրենք բոլոր հաւատացեալ հայորդիները մասնակից դառնալու Ս. պատարագին, ապա ներկայ գտնուելու այս դասախօսութեան: