ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր, Փետրուար 7ին, լիբանանեան տարածքէն՝ Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնի մը ուղղութեամբ արձակած են շարք մը հրթիռներ, որոնց մեծամասնութիւնը չէզոքացուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ:
Սուրիական բանակը Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց «նման արկածախնդրական եւ անհաշիւ նախայարձակումներու վտանգաւոր հետեւանքներուն»: