ԹԵՀՐԱՆ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, մեկնաբանելով իր երկրին մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը՝ յայտարարած է, թէ իշխանութիւնները պէտք է հանդուրժեն քննադատութիւնը եւ հասկնան ժողովուրդին տեսակէտը:
«Մարդիկ կը քննադատեն տնտեսութիւնը, կը բողոքեն անոր դէմ, եւ ատիկա ճի՛շդ է, սակայն անոնց բողոքները չեն սահմանափակուիր տնտեսութեամբ. անոնք ընկերային եւ քաղաքական հարցեր կ՛արծարծեն, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային յարաբերութիւններ: Մենք պէտք է հանդուրժենք այդ քննադատութիւնը եւ հասկնանք, թէ մարդիկ ի՛նչ կ՛ուզեն», ըսած է Ռոհանի:
«Բարեբախտաբար, այսօր երկրին բոլոր պաշտօնատարները կ՛ընդունին ցոյցերու գաղափարը, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ բոլորը կ՛ըսեն, թէ ժողովուրդին ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ», աւելցուցած է ան:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբերի վերջաւորութեան, Իրանի շարք մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած էին զանգուածային ցոյցեր, որոնց ընթացքին մօտաւորապէս 25 հոգի սպաննուած էր, իսկ 400 ուրիշներ՝ ձերբակալուած: