ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արցախեան Ազատագրական շարժումը մեզի պարգեւեց ազգային հպարտութեան, անպարտելիութեան, յոյսի ու յաղթանակի անսահմանելի զգացումներ, ապրումներ։
Շարժումը մեզի ներարկեց նոր ոգի, նոր շունչ:
Ամբողջ սերունդի մը ծով զոհաբերութեամբ, հազարաւորներու կեանքի գնով՝ պատմակա՛ն անկիւնադարձ ապրեցանք. կորսնցուցած հայրենի հողէն պատառ մը փրկուեցաւ՝ ապացուցելով, որ բռնակալներու քմայքով գծուած քարտէսները յաւերժական չեն, եւ որ մեր մեծ երազը՝ Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանը, անիրականանալի չէ՛:
Արցախեան շարժումի նուիրեալներուն առջեւ մենք բոլորս այսօր պարտք մնացած ենք:
Պարտք ենք՝ ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու.
Պարտք ենք Արցախի ժողովուրդին եւ առաջին հերթին՝ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, ապա եւ պայքարին ուղղակի կամ անուղղակի մասնակիցներու բարօրութեան.
Պարտք ենք Հայաստանի՛ն, անկախութեան բերկրանքը լիարժէքօրէն վայելելու անոր իրաւունքին.
Պարտք ենք Սփիւռքի մեր երիտասարդութեան՝ դէպի հայրենիք իրենց աչքերը սեւեռելու մթնոլորտ ձեւաւորելու: Ազատամարտիկներու հոյակապ սխրանքին ժառանգորդները զգալու ամէ՛ն իրաւունք ունին անոնք. մե՛նք ենք, որ այդ իրաւունքի գիտակցութեան փոխանցումը կը շարունակենք ձախողեցնել՝ մեր թափթփածութեամբ, մեր անհետեւողականութեամբ, անծրագիր աշխատելու մեր սովորութեամբ:
Ժամանա՛կն է մեր պարտքերը տոկոսով վերադարձնելու Շարժումին:
Ժամանա՛կն է թօթափելու անցեալի մեր սխալներու ճնշումին տակ անկարողութեամբ տապլտկելու, ողբերով, լալկանութեամբ ու ափսոսանքներով բաւարարուելու հոգեվիճակը: Ժամանա՛կն է անհաշտ կռուի դուրս գալու՝ համակերպումի ու անձնատուութեան զգայնութիւններուն դէմ:
Անկախ հայրենիք ունինք, անկախ պետականութիւն ունինք: Տէ՛ր ըլլանք մեր պարտականութիւններուն, տէ՛ր ըլլանք Արցախեան շարժումին, տէ՛ր ըլլանք անոր հերոսական դրուագներէն ճառագայթող պատգամին. հայրենիքը սո՛ւրբ է՝ իր ժողովուրդով հանդերձ։