ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետապնդման գծով երկու կասկածելիներ եւս ազատ արձակուած են: Տինքի գործով զբաղող Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանը, քննելէ ետք կալանքի տակ գտնուող կասկածելիներ Օքան Շիմշեքի եւ Վէյսել Շահինի բողոքները՝ որոշած է ազատ արձակել զանոնք:
Դատական վճիռին մէջ որպէս հիմնաւորում նշուած է, թէ Շիմշեք ու Շահին իրենց պարտականութիւններու ծիրէն ներս իրենց ստացած տեղեկութիւնները առանց ուշացումի հաղորդած են վերին մարմիններուն:
Միաժամանակ, դատարանը Շահինին եւ Շիմշեքին արգիլած է երկրէն հեռանալ եւ անոնց նկատմամբ դատական վերահսկողութիւն սահմանած է:
Օքան Շիմշեք եւ Վէյսել Շահին Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ եղած են Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի աշխատակիցներ եւ տեղեկացած են, թէ կը նախապատրաստուի Տինքի սպանութիւնը: Դատարանին մէջ ցուցմունք տուած ժամանակ անոնք նշած են, թէ այդ տեղեկութիւնը ժամանակին հաղորդած են հետախուզական բաժինի ղեկավարութեան, սակայն ոճիրը կանխելու գծով որեւէ գործողութեան մը ձեռնարկելու հրահանգ չեն ստացած: