ՀՄԸՄի Ֆրանսայի շրջանի տարեկան պարահանդէսը տեղի ունեցաւ 20 Յունուարին, «Մարիոթ» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ։ Սոյն ձեռնարկը՝ ըլլալով տարուան առաջինը, բացումը կը յայտարարէր ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւններուն:
Աւելի քան 330 ներկաներ երեկոյթի ընթացքին պարեցին ու խանդավառ պահեր ապրեցան երգիչ Լեւոն Խոզեանի ու իր նուագախումբի կատարումներով:
ՀՄԸՄի Ֆրանսայի շրջանի ատենապետ Արամ Սիսեռեան իր բացման խօսքով ողջունեց մասնակիցները եւ բացատրեց միութեան աշխատանքի եղանակը: Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ 100ամեակի խորհրդանիշ՝ «Պատուաբեր անցեալէն, յաղթական ապագայ»ին ու միութեան հետապնդած նպատակներուն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: Ան հաճելի նկատեց ՀՄԸՄի մէջ հայերէնով խօսելու կարելիութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ի նպաստ ունեցած ներդրումին համար: Արցախի ներկայացուցիչը խօսեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Արցախեան օրերուն մասին, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են Արցախի կողքին կանգնած քաղաքապետութիւններու մօտ: Իր խօսքի աւարտին Յ. Գէորգեան դրուատեց Արցախին զօրավիգ հանդիսանալու ֆրանսահայութեան արի կեցուածքը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»