9 Փետրուարին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած տարբեր կրօնական դաւանանքներու պատկանող երիտասարդներու եւ հոգեւորականներու քննարկումներուն ու հանդիպումներուն երկրորդ փուլը եզրափակուեցաւ:
Շաբթուան ընթացքին, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ յարկի տակ հաւաքուեցան 17 տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներ (Քրիստոնեայ, Հրեայ, Մահմետական, Սիխ եւ Պուտտայական): Հաւաքի նպատակն էր փոխանակել կրօնական գաղափարներն ու անդրադառնալ Գանատայի կրօնական բազմազանութեան:
Գանատահայոց թեմի նախաձեռնած «Նշենք մեր բազմազանութիւնը» միջկրօնական երիտասարդական ծրագիրի իրականացումը հնարաւոր դարձաւ Գանատայի կառավարութեան օժանդակութեան շնորհիւ: Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Համաշխարհային միջկրօնական համերաշխութեան» շաբթուան առիթով, որ հռչակուած է 20 Հոկտեմբեր 2010ին, ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ:
Գանատահայոց թեմը սոյն ծրագիրը պատրաստած է՝ նշելու համար Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի տնօրինութեամբ հռչակուած «2018 թուականը Երիտասարդութեան Տարի» նախաձեռնութիւնը: Այս առիթով, թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեան իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու կարեւորեց երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման գործընթացը: Սրբազան հայրը իր բացման խօսքի մէջ ըսաւ. «Ծրագիրը պատրաստելու ընթացքին մենք ջանացինք պայմաններ ստեղծել կերտելու եւ ամրապնդելու կրօնական համայնքներու, յատկապէս անոնց ներկայացնող երիտասարդներու միջեւ գոյացած կամուրջները: Մենք երախտապարտ ենք Գանատայի կառավարութեան, որ համաձայնեցաւ աջակցիլ սոյն նախաձեռնութեան»:
Հանդիպումներու առաջին փուլը կայացաւ Քէպէք նահանգի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ, իսկ յառաջիկայ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն, Ալպերթա նահանգի Քալկըրի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի Վանքուվըր քաղաքներուն մէջ, ուր բարեկամական միջավայրի մը մէջ պիտի համախմբուին տեղւոյն կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ զարգացնելու Գանատայի բազմամշակութային երկրի երիտասարդական միջկրօնական երկխօսութիւնը:
Ծրագիրի շրջանակին մէջ կը ստեղծուին՝ վաւերագրական տեսանիւթ եւ կայք, երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու նպատակով: