ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» օրաթերթը, կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, 13 Փետրուարի առաւօտեան, «Ճերրահփաշա» հիւանդանոցին մէջ, «յետ երկարատեւ ու անողոք հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց հայորդի մը, որ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ յարգուած բժիշկներէն ու գիտութեան մարդոցմէ մէկն էր։ Համբաւաւոր մորթագէտ փրոֆ. տոքթ. Յակոբ Կոթողեանն է այդ անձը, որ միջոցէ մը ի վեր կը դարմանուէր «Ճէրրահփաշա» հիւանդանոցին մէջ»։
«Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան երեւոյթ մըն էր, առասպելական դէմք ամբողջ Թուրքիոյ մէջ, հրաշագործ բժիշկ, որ իր երիտասարդական շրջանին արկածի մը հետեւանքով իր մէկ թեւը կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ դարձած էր վիրաբոյժ մորթագէտ ու այդ մէկ ձեռքով անհաւատալի գործողութիւններ իսկ կը կատարէր։ Այս պատճառաւ ալ ան ժողովուրդին կողմէ կը կոչուէր «Քոլսուզ Ակոբ»։ Իր մասնագիտութեան մէջ գագաթnային դէմք էր, հեղինակաւոր ձայն ունէր համագումարներու ընթացքին, նախագահած էր անհամար համագումարներու եւ ունէր աւելի քան 500 ուսուցողական աշխատասիրութիւններ եւ յօդուածներ, որոնք կը բխէին անոր երկարամեայ փորձառութիւններէն։ Սիրելի բժիշկը, այնքան նշանաւոր դէմք ըլլալով հանդերձ, ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, իր կապը կը պահէր մեր համայնքային ապրումներուն հետ։
Արդէն երկար տարիներէ ի վեր յաջողապէս կը կատարէր նաեւ Մորթագէտներու միութեան ատենապետի պաշտօնը», կը գրէ «Մարմարա»ն։
Յակոբ Կոթողեան ծնած էր 1939ին, աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Ան կը բնակէր Սամաթիա։ Ուսանող եղած տարիներուն ան կ՛աշխատէր աշխատանոցի մը մէջ, ուր կը զբաղէին արծաթի մշակումով: Այստեղ, հաստոցներէն մէկուն տակ կը կորսնցնէ իր ձեռքը: Հիւանդանոց տեղափոխուած Յակոբին բժիշկները ապրելու յոյս չեն տար: Վիրահատութենէն ետք՝ օրեր շարունակ կը մնայ անգիտակից վիճակի մէջ, սակայն վերջապէս դուրս կու գայ անգիտակից վիճակէն եւ կը շարունակէ ապրիլ:
1957ին ան կ՛արձանագրուի Պոլսոյ բժշկական համալսարանը, զոր կ՛աւարտէ 1963ին, այնուհետեւ սկսելով բժշկական շատ փայլուն աշխատաշրջան մը։
Թուրք մամուլը յաճախ ընդգծած է որ ան, հակառակ աներ, որ բազմաթիւ երկիրներէ հրաւէր ու առաջարկ ստացած էր, միշտ ուզած էր մնալ Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ կը սիրէր այս երկիրը, երբեք չէր ուզեր բաժնուիլ իր ծննդավայրէն։