ԱԹԷՆՔ.- Փլովտիւի հայկական համայնքի «Յակոբ Պարոնեան» 110ամեայ թատերախումբը եւ «Սիրուն» երգչախումբը՝ տեղւոյն հայկական համայնքին հրաւէրով այցելեցին Քոմոթինի:
10 Փետրուարին պուլկարահայ համայնքի անդամները, որոնց կ՛ուղեկցէր Փլովտիւի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Տեառնընդառաջի տօնին: Աւարտին տեղի ունեցաւ փոքրիկ տօնախմբութիւն մը, որուն ընթացքին կատարումներով հանդէս եկաւ «Սիրուն» երգչախումբը, որուն յաջորդեց Փլովտիւ եւ Քոմոթինի քաղաքներու պարախումբերու իրար յաջորդող ելոյթները:
Իսկ 11 Փետրուարին, քաղաքի թատերասրահին մէջ, «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը՝ նորացուած դերասանական կազմով, ներկայացուց «Հարսս Բռնեցի» ներկայացումը:
Համայնքի անդամներուն հետ դահլիճին մէջ ներկայ եղան քաղաքի հոգեւոր հովիւ Պարէտ քահանայ Հաճերեան, հայկական համայնքի ղեկավար Ստեփան Մաթեւոսեան, մշակութային գործերու ղեկավար Ճենի Գասպարեան, հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Ռուզան Զոհրապեան եւ Պոլիսէն ժամանած հիւրեր:
»Տարիներու ընթացքին շատ ջերմ յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են Փլովտիւի եւ Քոմոթինիի հայկական համայնքներուն միջեւ, կարծես մէկ ընտանիք ըլլանք: Յաճախ կը կազմակերպուին փոխայցելութիւններ: Երկու օրերուն ընթացքին շատ հետաքրքրական ժամանակ անցուցինք: Ներկաները յատկապէս տպաւորուած էին «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբի ելոյթով: Կարեւոր էր նաեւ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեանի ներկայութիւնը, որ հոգացած էր ճամբորդութեան ծախսերը», «Հայերն Այսօր»ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ Փլովտիւի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերու խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան, որ աւելցուց, թէ Քոմոթինիի պարախումբը հրաւիրած են մասնակցելու Փլովտիւի մէջ 3 Յունիս 3ին կայանալիք «Բարեւ Հայաստան» համահայկական 2րդ փառատօնին:
Նշենք, որ ներկայացման մասին անդրադարձաւ քաղաքի «Խրոնոս» թերթը: