ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենան զօրակցական հանդիսութիւններ՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի:
Թորոնթոյի մէջ Շաբաթ, 17 Մարտին, երեկոյեան ժամը 8ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, իսկ 18 Մարտին, երեկոյեան ժամը 6ին՝ Մոնթրէալի «Պաստրմաճեան» սրահին մէջ։ Զոյգ ձեռնարկներուն տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ ազգային երգերու մեկնաբան, հայրենի երգիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ), որ յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած է Հայաստանէն: