ԱՆԻԹԻԼԻԱՍ.- Քրիստոսի Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք հայ եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի 13 Փետրուարին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան՝ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն դարձած մանուկներու տաճար ընծայումէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ Տեառնընդառաջը, ըստ հին եբրայական աւանդութիւններուն, քառասուն օրերը լրացուցած մանուկներուն տաճար ընծայման տօնն է, որուն տօնակատարութեան ընթացքին հայ եկեղեցին հրավառութիւն կը կատարէ: Սա հեթանոսական սովորութիւն մըն է, որ եկեղեցին իմաստութիւնը ունեցած է զայն քրիստոնէականացնելու ու քրիստոնէական խորհուրդով շաղախելու, ինչպէս քրիստոնէական եկեղեցին իմաստութիւնը ունեցած է Հին կտակարանի տօներն ու աւանդութիւնները քրիստոնէական տօներու ու աւանդութիւններու վերածելու: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը շարունակեց՝ ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին Ս. խորանէն լոյս առնելով ու հաւատացեալ ժողովուրդին մոմերը վառելով՝ կ՛աղօթէ, որ Քրիստոսի լոյսը ներկայութիւն դառնայ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ:
Պատգամէն ետք, լուսարարապետ հայր սուրբը խորանէն բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ հաւատացեալները, միաբան հայրերն ու դպրեվանքի սաները միասնաբար թափօր կազմած ուղղուեցան կաթողիկոսարանին բակը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը:
Նշենք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը նախաձեռնած է «Աստուած Սէր Է» քառալեզու գիրքին, որ ուղղուած է թէ՛ հայ եւ թէ օտար երիտասարդներուն: Նկատի ունենալով, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը զուգադիպի համաշխարհային սիրոյ տօնին եւ նկատի ունենալով, որ Քրիստոս ի՛նքն է մեծագոյն սէրը, գիրքը ունի Աստուածաշունչէն քաղուած սիրոյ ճշմարիտ պատգամներ:
Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութենէն ետք խումբ մը երիտասարդ միաբաններ վերոյիշեալ գիրքը ցրուեցին Անթիլիասի ու Պուրճ Համուտի մէջ՝ զոյգ շրջաններու քաղաքապետարաններուն առաջնորդութեամբ: