ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, թէ յունահռովմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու եւ աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան Արթիւր Ալեքսանեան անցեալ շաբաթավերջին ոսկի մետալ մը եւս խլեց Քիեւի միջազգային մրցաշարքի ընթացքին։
97 քլկ. դասաւորման մէջ Արթիւր Ալեքսանեան աւարտական հանգրուանին մրցեցաւ ուքրանացի Տմիթրի Թիմչենքոյի հետ՝ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովելով։
Նաեւ, 63 քլկ. դասակարգին մէջ Սլաւիկ Գալստեանը դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: