ԵՐԵՒԱՆ.- Մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տենիըլ Քոցի հրապարակած զեկուցումին այն հատուածը, ուր Հայաստան կը դիտուի ոչ թէ իբրեւ Արցախին զօրակցող, այլ՝ Արպէյճանի հետ հակամարտող կողմ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Առաջին Լրատուական»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց. «Հայաստանը կը դիտուի իբրեւ հակամարտող կո՞ղմ, թէ Արցախին զօրակցող կողմ։ Ըսուածին մէջ սխալ բան չկայ, որովհետեւ եթէ Ատրպէյճան Արցախի վրայ յարձակում կատարէ, Հայաստա՛նն է, որ պիտի ներքաշուի այդ կռիւին մէջ, իսկ եթէ Տենիըլ Քոցը այլ բան ըսած ըլլար, ապա կը նշանակէ, որ ան ճանչցած պիտի ըլլար Արցախը իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր. անոր համար ալ, կը կարծեմ, որ անմիջական հասցէատէր դարձուցած է Հայաստանը. ընդհանուր առմամբ՝ խնդիրը, վստահաբա՛ր մտահոգիչ է եւ այն, որ շրջանը կրնայ ապակայունանալ՝ այդ ալ փաստ է»։
«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող լարուածութիւնը կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու, որոնց մէջ կրնայ ներգրաւուիլ Ռուսիան՝ իր շրջանային դաշնակիցին աջակցելու համար», նշուած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան զեկուցումին մէջ:
Այս ծիրին մէջ Կիրօ Մանոյեան մեծ բացթողում նկատեց այն, որ զեկուցումին մէջ չի խօսուիր այն մասին, թէ շրջանին իրավիճակը ապակայունացնողը ինքնին Ատրպէյճա՛նն է:
«Վտանգի գլխաւոր աղբիւրը Ատրպէյճա՛նն է՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ զեկուցումին մէջ կը գրե՞ն այդ մասին, թէ ոչ, ու այս բանին կը գիտակցի նաեւ Միացեալ Նահանգները. եւ եթէ այս առումով նաեւ քայլեր ձեռնարկուին, ապա այդ մէկը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու, այլապէս՝ իսկապէս անհակակշռելի իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան: