ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- 27էն 28 Փետրուարին, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Միշել Ռիվազի (Կանաչներ) եւ Լարս Ատաքթուսօ (ԵԺԿ) հիւրընկալեցին հանրային քննարկում՝ ականաւոր միջազգային գիտնականներու եւ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ:
Քննարկման նիւթն էր միջազգային իրաւունքի զարգացումները, բանակցութիւններու կարգավիճակը եւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու առաջարկները:
Բանախօսներու շարքին էին ՄԱԿի Ժողովրդավարական եւ անաչառ միջազգային կարգի աջակցութեան հարցերով անկախ փորձագէտ դոկտոր Ալֆրետ տէ Զայաս, ամերիկեան Իրաւունքի համալսարանի Ուաշինկթընի իրաւագիտութեան դպրոցի դասախօս, Միջազգային հանրային իրաւունքի եւ քաղաքականութեան խումբի համահիմնադիր դոկտոր Փօլ Ուիլիըմզ, Ռուսիոյ պետական համալսարանի դասախօս դոկտոր Սերկէյ Մարքետոնով եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան: Միջոցառումը համատեղ ջանքերով կազմակերպած էին Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (Armenian Legal Center for Justice and Human Rights-ALC), «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը (European Armenian Federation for Justice and Democracy-EAFJD):
Գիտաժողովը հասաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
– Արցախը պէտք է դառնայ խաղաղութեան գործընթացի հիմնական դերակատար, այլ ոչ թէ առարկայ.
– Հաստատուած միջազգային իրաւական նախադէպերու հիման վրայ ժողովուրդները, որոնց շարքին արցախցիները, իրաւունք ունին անկախութիւն հռչակելու.
– Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ բռնի ուժով պատասխանել անկախութեան հռչակման.
– Արցախը լիարժէք պետութիւն է՝ ըստ «վաստակած ինքնիշխանութեան» հայեցակարգին, որովհետեւ անիկա ունի ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւն, իր սահմաններուն նկատմամբ վերահսկողութիւն եւ գործող քաղաքացիական հասարակութիւն
– Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներկայութիւն ըլլայ Արցախի մէջ՝ անկախ անոր կարգավիճակէն.
– Միջազգային իրաւունքը որոշակի շրջանակ կ՛ապահովէ, բայց առանձինն չի կրնար ծառայել իբրեւ հակամարտութիւններու լուծման գործիք. հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կարելի չէ անտեսել քաղաքականութեան դերը.
– Վստահութեան մթնոլորտի ապահովումը առանցքային գործիք է հիմնահարցի վերջնական կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու նպատակին.
– Հայատեացութեան սրացումը եւ պատերազմի քաջալերումը անընդունելի են եւ պէտք չէ խրախուսուին. բռնութեան եւ ատելութեան հովանաւորչութիւնը արգիլուած է միջազգային իրաւունքով։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան ըսաւ հետեւեալը. «Արցախը միայն հակամարտութեան անուն չէ. այն տարածք է, որտեղ մարդիկ են ապրում: Այս մարդկանց վիճակուած էր պայքարել իրենց ապրելու իրաւունքի համար»:
Ալեքսանեան շեշտեց, որ ուժեղ պետութիւն կառուցելու Արցախի վճռականութեան ապացոյց է այն փաստը, որ երկիրը միակողմանիօրէն միացած է մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ պայմանագիրներու, ինչպէս՝ Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրը, Ժընեւի ուխտերը եւ Քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները եկան համաձայնութեան, որ Արցախի ինքնակառավարուելու պահանջատիրութիւնը հիմնաւորուած է: