ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 28ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան Արցախի եւ Հայաստանի համար Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն 70 միլիոն տոլար արժող՝ «խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նպաստի առաջարկ մը ներկայացուց 2019ի ամերիկեան պետական ամավարկի մանրամասնութիւնները քննող Ծերակոյտի ենթայանձնախումբին:
Առաջարկին մէջ յատուկ շեշտադրում կայ Արցախի ականազերծման աշխատանքներուն համար հարկաւոր գումարներուն, Արցախի մէջ վերականգնման ջանքերու աջակցութեան, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վիճակը կայունացնել միտող՝ Ռոյս-Էնկըլ առաջարկի պայմաններու գործադրութեան կարեւորութեան, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան տնտեսական եւ ռազմական համագործակցութեան սերտացման եւ Միջին Արեւելքէն եկած գաղթականներուն ապաստարան տրամադրելու Հայաստանի ջանքերուն աջակցելու հրամայականին վրայ:
Գարագաշեան իր ներկայացումը սկսաւ՝ յիշեցնելով, որ այս տարի կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը, ինչ որ նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական պաշտօնական յարաբերութեան հաստատման հարիւրամեակն է։ Ապա ան մանրամասնեց վերոյիշեալ առաջարկներուն համար հարկաւոր գումարները հետեւեալ ձեւով.
– 6 միլիոն տոլար՝ Արցախի ականազերծման եւ հաշմանդամներու վերականգնման ջանքերուն համար, եւ 4 միլիոն տոլար՝ խաղաղութեան ջատագովման ջանքերուն համար.
– 30 միլիոն տոլար Հայաստանին՝ իբրեւ տնտեսական օգնութիւն, եւ 10 միլիոն տոլար՝ իբրեւ ռազմական օգնութիւն, իսկ Միջին Արեւելքէն եկած գաղթականներուն ապաստարան տալու ջանքերուն աջակցելու համար՝ 20 միլիոն տոլար։
Ան նաեւ առաջարկեց կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան տնտեսական յարաբերութեան սերտացման գծով, Գարագաշեան շեշտեց առեւտուրի զարգացման կարեւորութիւնը, որուն համար կենսական է առեւտուրի եւ ներդրումներու ժամանակակից համաձայնագիր մը, որ կրկնակի հարկումէ զերծ պիտի պահէ երկու երկիրները։