ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Ազգային վարչութեան եւ երեսփոխանական ժողովներու ներկայացուցիչներ Ժիրայր Ռէյիսեան, Կարօ Իւզպաշեան, Տարօն Մակարեան, Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ «Հ1»ի ներկայացուցիչները Չորեքշաբթի, 28 Փետրուարին, յատուկ առաքելութեամբ մեկնեցան ազատագրուած Տէր Զօր քաղաքը, ուր պաշտօնական հանդիպում ունեցան նոր նշանակուած նահանգապետին՝ Ապտել Մաժիտ Քաուաքիպիի եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ:
Առաջնորդ սրբազանը, յանուն սուրիահայ համայնքին՝ շնորհաւորեց նահանգապետը իր ստանձնած կարեւոր ու դժուար պաշտօնին համար: Անդրադառնալով Տէր Զօրի ազատագրումին եւ հայութեան համար անոր իւրայատուկ նշանակութեան՝ առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն նոյն ոճրագործները փորձեցին հայութիւնը ոչնչացնել Տէր Զօրի մէջ, սակայն հզօր Տիրոջ օրհնութեամբ եւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին շնորհիւ յարութիւն առինք: Այս իմաստով Տէր Զօրը տոկունութեան եւ յարութեան, վերապրելու եւ վերականգնելու խորհրդանիշն է:
Նահանգապետը բարձրօրէն գնահատեց հայութեան կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ ազնիւ դերակատարութիւնը անոր ծաղկումին, իսկ յետպատերազմեան օրերուն՝ վերականգնումին մէջ:
Պատուիրակութիւնը եւ պետական պաշտօնական ներկայացուցիչները այցելեցին ականուած եւ ամբողջութեամբ քանդուած Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը, ուր կատարուեցաւ պաշտօնական ծաղկեմատոյց եւ հոգեհանգստեան յատուկ աղօթք՝ Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն համար: Ապա ներկաները ուղղուեցան մեծ մզկիթ, ուր տեղւոյն հոգեւոր պատասխանատուն նահատակներու հոգւոյն համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած:
Այս առիթով խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ միասնաբար որդեգրուելիք ծրագիրներուն եւ քայլերուն առնչութեամբ:
Պաշտօնական պատուիրակութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ նոյն օրուան երեկոյեան վերադարձաւ Հալէպ: