ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը կը հաղորդէ, թէ 24 եւ 27 Մարտին, Երեւանի մէջ Էսթոնիոյ եւ Լիթուանիոյ ընտրանիներուն հետ կայանալիք ընկերական հանդիպումներուն նախապատրաստուելու համար հայրենիք ժամանած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ, Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան Երկուշաբթի, Մարտ 19ին այցելեց Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան եւ հանդիպեցաւ ուսանողներու եւ բժշկական անձնակազմին հետ: Այցին հիմնական նպատակը վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինծառայողներու հետ հանդիպումն էր:
ԵՊԲՀ տնօրէն Արմէն Մուրադեանի ուղեկցութեամբ Հենրիկ Մխիթարեան ծանօթացաւ համալսարանի տարածքին մէջ գործող վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինծառայողներու վերականգնողական կեդրոնին, զրուցեց հիւանդներու եւ ուսանողներու հետ:
Հենրիկ Մխիթարեան 2017ի Հայաստանի 10 լաւագոյն մարզիկներու ցուցակին մէջ ընդգրկուելուն համար ստացած ինքնաշարժը նուիրեց վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինծառայողներու վերականգնողական կեդրոնին: