ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգ շրջաններ յանձնելու մասին խօսակցութիւններ կը տարածէ Ատրպէյճանը. նման բան գոյութիւն չունի: Այս մասին, Մարտ 19ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Ըստ «Նիուզ»ի՝ անդրադառնալով բանակցութիւններուն՝ Քոչարեան ընդգծեց. «Մենք միշտ պէտք է գիտակցինք, որ բանակցութիւնները ունին երկու հարթութիւն՝ նախ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտ՝ բանակցութիւններու մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար, միւսը՝ բուն բանակցութիւնները, որոնք ուղղուած են յառաջընթացին:
Համանախագահները յստակօրէն կը գիտակցին, որ բանակցային գործընթացին մէջ կարելի կ՛ըլլայ խօսիլ յառաջընթացի մասին՝ եթէ կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունենայ վստահութիւն: Վստահութեան հիմնական մասը այն է, որ կողմերը չկրակեն եւ սադրանքներ չկազմակերպեն: Այդ իսկ պատճառով, խօսուած է ե՛ւ հետաքննութեան մեքանիզմի ձեւաւորման մասին, ե՛ւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին՝ Քասփըրչիքի դիտարկման խումբի կարողութիւններու ընդլայնման մասին: Այդ մէկը անհրաժեշտ պայման է, եւ առանց անոր վստահութիւն գոյութիւն չ՛ունենար», յայտնեց փոխնախարարը՝ աւելցնելով, որ դժբախտաբար, Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով, որեւէ զարգացման մասին խօսիլը այժմ կարելի չէ:
Խօսելով հինգ շրջաններ յանձնելու մասին պայմանագիրի գոյութեան մասին, որուն վերաբերեալ վերջերս խօսած էր Միջազգային եւրասիական շարժման ղեկավար, քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուքին՝ Քոչարեան յայտնեց, որ այդ մէկը Ատրպէյճանի փափաքն է, որ կը փորձէ սփռել մամուլին մէջ։ «Մենք անոր լուրջ չենք վերաբերիր, որովհետեւ այդպիսի բան գոյութիւն չունի։ Երբ հայկական լրատուամիջոցները չեղած բանը մատի փաթթոց կը դարձնեն, ինծի համար անընդունելի է», ընդգծեց արտաքին գործոց փոխնախարարը: