ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիան 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք առկայ կացութիւնը քննարկելով՝ հասած է շարք մը եզրակացութեանց, որոնց պատճառով Հայաստանին տրամադրուած են նորագոյն զինատեսակներ. Մարտ 26ին այսպէս յայտարարեց Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի եւ Եւրասիական հարցերով յանձնախումբի ատենապետի առաջին տեղակալ Կոնստանթին Զատուլին՝ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։
«Մենք կը գիտակցինք, որ 2016ի լարումէն ետք, որուն նախաձեռնած էր կողմերէն մէկը, հայաստանեան հանրային կարծիքին մօտ Ռուսիոյ ուղղուած լուրջ դժգոհութիւններ կային, յատկապէս՝ Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնքերու մատակարարման իբրեւ հետեւանք: Մենք շատ կ՛ափսոսանք, որ Ատրպէյճան որոշեց մեր զէնքերը օգտագործել շփման գիծին վրայ հրադադարի համաձայնութիւնը խախտելու համար, զինադադար մը, որ մեր ջանքերուն շնորհիւ գոյութիւն ունէր 1994էն սկսեալ: Մենք քննեցինք տարածաշրջանին մէջ զինատեսակներու հաւասարակշռութիւնը, որուն հիման վրայ Հայաստանին տրամադրեցինք ամենաժամանակակից պաշտպանական միջոցներ, որոնք ցուցադրուեցան Հանրապետութեան օրուան առիթով կազմակերպուած զօրահանդէսին ընթացքին», ըսաւ Զատուլին:
Ռուսիա Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումները շարունակած է 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք եւս: Ըստ Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի (SIPRI) նորագոյն զեկոյցին՝ վերջին հինգ տարիներուն Ատրպէյճանի ներածած ամբողջ սպառազինութեան 65 տոկոսը եղած է ռուսական:
Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Հայաստանի դաշնակից Ռուսիոյ խորհրդարանի պատգամաւորը պնդեց, որ իրենք Ատրպէյճանին նորագոյն արհեստագիտութիւն չեն մատակարարեր՝ աւելցնելով. «Իսկապէս զինամթերքի որոշ մատակարարում եղած է, բայց անոնք արդէն իսկ նախատեսուած էին նախապէս ստորագրուած պայմանագիրներով, որոնց համար նախօրօք վճարումներ կատարուած էին արդէն: Խօսքը սովորական ու պաշտպանողական սպառազինութիւններու մասին է եւ ոչ թէ ժամանակակից զինատեսակներու, որոնք, ի միջի այլոց, մատակարարուած են Հայաստանին՝ բացարձակապէ՛ս այլ հիմքերով»:
Զատուլին Երեւանի մէջ նաեւ վստահեցուց, թէ Ռուսիա պիտի կատարէ ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի նկատմամբ իր պարտականութիւնները՝ յստակացնելով, որ «Հայաստանի դէմ որեւէ յարձակում կամ ռազմական վտանգ՝ Ռուսիոյ կողմէ իրե՛ն դէմ սպառնալիք պիտի նկատուի»:
Պատասխանելով հարցումի մը, որ կ՛առնչուէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց՝ Երեւանն ու Զանգեզուրը ատրպէյճանական պատմական հողեր են, Զատուլին ըսաւ. «Ատրպէյճանի յարգարժան նախագահը նման յայտարարութեամբ մը պարզապէս տկարացուցած է իր դիրքերը միջազգային գետնի վրայ: Նման յայտարարութիւն մը ամենայն հաւանականութեամբ նախատեսուած էր ներքին լսարանի համար, նկատի առնելով սպասուող ընտրութիւնները: Սակայն անիկա չի հանդուրժեր ոչ մէկ պատմական կամ քաղաքական քննադատութեան: Ուղղակի յստակ չէ, թէ ոեւէ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ լրջութեամբ մօտենալ նման յայտարարութեան մը»:
Իր կարգին, Հայաստանի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան տեղեկացուց, թէ Զատուլինի հետ ստորագրուած է համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտուի Արցախի հարցով Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն ու այլատեացութիւնը: