Յարատեւ Հոգեկան Պապակի Փնտռտուքով Ստեղծագործ Արուեստագէտը
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«Շահան Արծրունին օրհնուած է այնպիսի կենսայորդ եւ բացառիկ ներուժով մը, որուն շնորհիւ իր աշխատելաձեւն ու վարքը պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին, այլ եւ մեր մասնագիտութեան, եւ բնականաբար, ի՛ր իսկ անձին՝ Շահան Արծրունիին»։
Վիքթոր Պորկա

Տաղանդաշատ, միանգամայն զմայլելի վարպետութեամբ օժտուած եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած այս երաժիշտը ո՛չ միայն բացառիկ տաղանդաւոր դաշնակահար մըն է, այլ՝ հայ երաժշտութեան պատմութեան մասնագէտ մը: Փոշեթաթախ կամ՝ հայ երաժիշտներուն մոռցուելու վիճակուած- չըսելու համար անտեսուած- գործերը լուսարձակի տակ առնող եւ համաշխարհային երաժշտասէր ունկնդիրներուն տրամադրութեան տակ դնող հոգատար երաժիշտ մըն է ան:
Երեք ու կէս տարեկանէն Պոլսոյ մէջ երգահան-երաժիշտ մօրաքրոջ՝ Սիրվարդ Գալբագեան- Գարամանուկին շունչին տակ Շահանին փոքրիկ մատները մտերմութիւն մը կը ստդեղծեն դաշնամուրին ստեղներուն հետ եւ զինք կը հասցնեն Նիւ Եորքի համբաւաւոր «Ճուլիարթ» ե-րաժշտանոցը: Սոյն դպրոցէն համապատասխան բարձրագոյն վկայականները ստանալով՝ կը հասնի դոկտորական աստիճանի: Սակայն, այդ տարիներուն, իր աշխարհատարած ելոյթները արգելք կ՛ըլլան իր երազ թէզը ներկայացնելու:
Շահան Արծրունիին առաջին անգամ մօտէն ծանօթացայ Նիւ Եորքի մէջ, երբ 1994 Ապրիլ 20ին, մեր հրաւէրին ընդառաջելով պատուոյ հիւրն էր Նիւ Եորք քաղաքի միակ ամէնօրեայ հայ վարժարանին՝ Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեային, աւանդական Ժառանգութիւններու Շաբթուան տօնակատարութեան: Մեր աշակերտութեան կը ծանօթացնէինք այնպիսի արուեստագէտներ, որոնք մեր պատանիները պիտի տպաւորէին մեր համայնքի տիպար անհատներով եւ իրենց մասնագիտութեամբ:
Իր ելոյթն ու պատգամը այնքան տպաւորիչ էր, որ նախակրթարանի աշակերտները հիացած մնացին: Մանկավարժական աշխարհին մէջ ամենամեծ յաջողութիւնն է այս, երբ աշակերտները հարցումներու տեղատարափով դիմեն հիւր բանախօսին: Պարոն Արծրունի ո՛չ միայն մեծ հաճոյքով պատասխանեց անոնց հարցումներուն, այլ շինիչ թելադրութիւն տուաւ, որ անոնք հետեւողական ըլլան, լաւագոյնին ձգտին, աշխատանքէ չփախին եւ մանաւանդ՝ հաւատք ունենան իրենց բնածին կարողութիւններուն:
Վերջերս, երկու տասնամեակէ ետք, շատ հետաքրքրական էր ինծի համար հանդիպում ունենալ այս տաղանդաւոր դաշնակահարին հետ եւ ունկընդիրը ըլլալ ներկայ եւ ապագայ իր ծրագիրներուն մասին:

Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Կեանքին Անկիւնադարձային Դէպքերն ու Դէմքերը
Շահան Արծրունի խորունկ հաւատք ունի կեանքի մէջ պատահելիք բախտորոշ առիթներուն, մէկ խօսքով՝ բախտին: Երեք տարբեր անձեր երեք տարբեր ժամանակներու ճակատագրական դեր խաղացած են եւ ուղղութիւն տուած՝ իր կեանքին: 1973ին Արծրունի, օգտուելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Նիքսընի Չինաստանի հետ ունեցած մերձեցումէն, կը ներկայացնէ Խորհրդային Չինաստանի դաշնամուրային գործերը՝ որպէս բաժին մը դոկտորայի իր թէզին, Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ:
Փափաքելով զանոնք ներկայացնել աշխարհին՝ տարբեր բեմահարթակներուն վրայ, Արծրունի կը դիմէ Ասիական երաժշտութեան աշխատանքներու ատենապետ Եոհաննա Սփեքթըրին (Johanna Spector)՝ իր ծրագրին իրկանացման համար: Հրեայ այդ տիկնոջ խօսքը՝ «Դուն գնա քո՛ւ երաժշտութիւնդ ուսումնասիրէ», արթնութեան զանգակ կը դառնայ: «Ա՛յդ օրը, ա՛յդ կինը հայ երաժշտութեան հանդէպ իմ մէջս բուռն հետաքրքութեան կրակը վառեց», խոստովանեցաւ Արծրունի՝ ընդգծելով. «Ահա բախտորոշ իրականութիւն մը, որ զիս մղեց դէպի հայկական երաժշտութիւնը»։

Իսկ 1969ին՝ Կոմիտասի հարիւրամեակին առթիւ, Նիւ Եորքի մէջ յայտագիր մը պիտի նուիրուէր, համայնքին յայտնի անուններու մէկտեղումով՝ Մարօ Աճէմեան, Արա Պէրպէրեան, Լուսին Ամարա, Լիլի Չուգազեան, Քաթի Պէրպէրեան եւ Ալան Յովհաննէս: Մինչ այդ, անոնք տեղեակ էին որ Շահան Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ առաջ երգեհոնահարն էր նոյն ինքն Կոմիտասի 1910ին հիմնած երգչախումբին: Հետեւաբար, այդ յայտագիրին մանրամասնութիւններու երաժշտական բաժինը կը վստահուի երիտասարդ Շահանին: Ձայնագրուած բոլոր սկաւառակները կը յանձնուին՝ ապահովութեան համար երաժշտական մթերանոցի մը: Ընկերութեան հրեայ տնօրէնը՝ Մայքըլ Նայտա (Michael Naida), երբ կ՛իմանայ թէ Շահան «Ճուլիարթ»էն շրջանաւարտ է, կ՛առաջարկէ իր նուագածներէն ձայնագրել: Շահան, օգտագործելով այս առիթը՝ կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի մանուկներու համար գրուած երկու ալպոմ, որ մինչ այդ բնաւ չէին ձայնագրուած:
«Ուրկէ՞ ո՜ւր: Ահա քեզի բախտ, որ ապագայ՛ի շատ մը դռներ բացաւ առջեւս», կը խոստովանի Շահան Ածրունի:
Երրորդ անձը, որ մեծ դեր ունեցած է Շահանի կեանքին մէջ, 1972-73 թուականներէն սկսեալ, Վիքթոր Պորկան է, «որուն տոհմիկ ծագումն ալ հրէական է», կ՛ընդգծէ Արծրունի:
Շահան Արծրունիի «բախտ»ի ճամբայ բացող այդ երեք անձնաւորութիւններուն չափ ալ պէտք է շեշտել նաեւ, թէ բոլոր անոնք, որոնք ծանօթացած են Շահանին, կրցած են տեսնել իր մէջ տաղանդը, սէրը եւ կրակը երաժշտութեան հանդէպ, եւ ինչ խօսք՝ Շահան Արծրունի առաւելագոյնս կրցած է արդարացնել անոնց վստահութիւնը:
Ի՞նչ Են Շահան Արծրունիին Յառաջիկայի Ծրագիրները
Շահան Արծրունի տարիներու երազը իրականացնող երկար ճամբորդութեան մը սկիզբին է: Երազն է ծիածանի գոյներով իրար ետեւէ լոյս ընծայել ութը խտասալիկներու շարք մը, Չուխաճեանէն սկսելով մինչեւ այս օրերը, որոնք պիտի ընդգրկեն հետեւեալները-
- Կոմիտասի դաշնամուրային գործերը
- Կոմիտասի ժամանակակիցները
- Ալան Յովհաննէսի անտիպ գործերը
- Սփիւռքահայ յօրինողներու գործերը
- Խաչատուրեանի ամբողջական գործերը
- Հայրենի յօրինողները
- Հայ կին յօրինողները
- Հայ երգահաններու մանուկներու համար գրած գործերը
Առաջին եօթը խտասալիկները պիտի ներկայանան ծիրանի գօտիի եօթը գոյներով, ամբողջացնելէ ետք, այդ գոյները իրար խառնելով կը ստանաս ութերորդը ճերմակ գոյնը՝ որ խորհրդանիշն է մեր ապագայ մանուկներու սպիտակ, պայծառ եւ յուսատու ապագային:
Ըստ Արծրունիին, ներկայ օրերու ելոյթները կրնան հմայել միայն այդ օրուան սրահին մէջ գտնուող հանդիսատեսը: Նկատի առնելով ձայներիզներու եւ խտասալիկներու յարափոփոխ եւ անորոշ ապագան՝ անհրաժեշտ էր, որ բան մը մտածուէր զանոնք երաժշտասէր մեծամասնութեան հասցնելու, երկրէ երկիր մատչելի դարձնելու եւ ազատելու խտասալիկներու մոռացութեան մատնուող ճակատագիրէն: Շ. Արծրունիի մտահոգութիւնը փարատող եւ երաժշտական ստեղծագործութիւնները անմահութեան տանող այդ բոլոր ձայնագրութիւնները բծախնդրօրէն ձայնագրուելէն ետք կը ղրկուին, իր անհատական ջանքերով, աշխարհի զանազան երաժշտական գրադարաններու եւ ձայնասփիւռներու կայաններուն անոնց արխիւին մէջ մնայուն կայք հաստատելու:
Վերջերս, Նիւ Եորքի դասական երաժշտութեան ձայնասփիւռի կայան WQXR-էն սփռուած Կոմիտասի մէկ կտորը պատճառ դարձած էր շատերու հետաքրքրութիւնը արթնցնելու:
Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Անմիջական Ծրագիրները
Շահան այս օրերուն կլանուած է բարձր մակարդակի յայտագիրի մը պատրաստութեամբ: Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարի 50ամեակի տօնակատարութեանց շարքին առաջնորդ սրբազան Խաժակ արք. Պարսամեան խնդրանքով Շ. Արծրունի ծրագրած է Հայ հոգեւոր երաժտութեան նուիրուած համերգ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 4 Մայիս 2018ին, բարձր նախագահութեամբը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառին:
Արդէն իսկ յայտագիրը կազմուած է շահանեան բծախնդրութեամբ՝ իրար քով բերելով այնպիսի անուններ, որոնք երաժշտական աշխարհի լաւագոյն անուններէն են՝ երգչուհի Էլիզապէթ Պայրագտարեան, սրնգահար Սաթօ Մուղալեան, գլարինէթի կատարումով Նարեկ Յարութիւնեան, երգեհոնահար Հայկ Մարտիրոսեան, ելոյթ ունենալու Կոմիտասի, Ալան Յովհաննէսի եւ Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն, հետաքրքրական գործիքներու մասնակցութեամբ: Յայտագիրին մաս պիտի կազմէ նաեւ 16 հոգինոց արական սենեկային երգչախումբ մը հայրենի ղեկավար Յովհաննէս Միրզոյեանի ճպոտին ներքեւ, հրամցնելու Կոմիտասի պատարագէն բաժիններ: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ միջդպրոցական աշակերտական խումբը՝ բացման աղօթքներով:
Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Հեռակայ Գործադրելի Ծրագիրները
Մէկ խօսքով Շահան Արծրունիի իսկական հոգեկան պապակը գոհացնող աշխատա՛նքը՝ իր գիտութիւնը նոր սերունդին փոխանցել է, իր մէջ ամբարուած մասնագիտական պաշարն ու գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին: Այս մտահոգութիւնը զինք տարած է Հայաստան, ուր հակառակ անոր, որ 150 անգամէն աւելի հայրենիք այցելած է, այս ճամբորդութիւնը ուրիշ հեռանկար ունէր: Անցնող գարնան (Մայիս 2017ին) Հայսատանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ հրաւէրով Հայաստանի շրջաններէն, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ փնտռել, գտնել, քաջալերել 8էն 21 տարեկան պատանիներ, որոնք երաժշտական հակում ունին եւ զանոնք պատրաստել որակաւոր ելոյթներու, ոչ միայն Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալու, այլ թերեւս արտերկրի զանազան երկիրներու եւ համայնքներու մէջ:
Շահան Արծրունի երախտագիտութեամբ կը յիշէ Հայ օգնութեան ֆոնտը (ՀՕՖ), որ կազմակերպելով այս շրջապտոյտը՝ քաջալեր հանդիսացեր էր իր ծրագիրին, որպէսզի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարենար առաւելագոյն չափով իրագործել իր երազը:
Մեր սրտբաց զրոյցին ընթացքին Շահան անդրադարձաւ նաեւ մարդկային յարաբերութեան մասին: Ան արժեւորեց անհատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ վստահութեան եւ հաւատքի ներկայութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, թէ կեանքի մէջ որքա՜ն կարեւոր է մեր շուրջը ունենալ այնպիսի անձ կամ անձեր, որոնց հետ ամէնէն աննշան եւ անկարեւոր նկատուած առօրեայ հարցերու մասին իսկ կարելի է առանց վերապահութեան կամ անկաշկանդ խօսիլ եւ մտքերու փոխանակութիւն ունենալ:
Յատուկ յարգանքով, հաւատքով եւ սիրով կը յիշէ հայրենի վաստակաւոր երաժիշտ Եդուարդ Միրզոյեանի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ:
Ուրախ ենք լսելու թէ, 18 Մայիս 2018ին, «Վարդանանց ասպետներ»ու կազմակերպած յատուկ յայտագիրով Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի համայնքի արուեստասէրները ներկայ պիտի ըլլան բազմատաղանդ Շահան Արծրունի արուեստագէտին մեծարման հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ նոյն օրը պիտի մեծարուի մեզի ծանօթ անուն՝ «Կոմիտաս» երգչախումբի վաստակաւոր խմբավար Քրիս Գալֆայեան:
Մեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր ելոյթներով փայլող, իր ձայնասփռումներով գերազանց տպաւորութիւն ձգող Շահան Արծրունի երաժշտագէտը անկուշտ-անհանդարտ պրպտողն ու միաժամանակ լոյս սփռողն է մեր երաժշտական աշխարհի ազգային հարստութիւններուն:
Երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր ելոյթներով Շահան Արծրունին եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ դեսպանը հայ երաժշտութեան տարածման: Իր փայլուն ելոյթներուն եւ գործունէութեան շնորհիւ բնականաբար արժանացած է զանազան պատուաբեր գնահատականներու եւ շքանշաններու: Հոս կ՛արժէ յիշել Գարեգին Ա. Սարգիսեանի շնորհած Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ մետալը (1996ին), իսկ 2015ին Հայստանի նախագահական «Մովսէս Խորենացի» շքանշանի պարգեւատրութիւնը:
Շահան Արծրունիի ամէնէն մեծ գնահատականը սակայն պիտի ըլլայ իր երազը իրականացնող ութը խտասալիկներու ձայնագրութեան ամբողջացումը, հայրենի մանուկներուն երաժշտական պատրաստութիւնը եւ իր տարիներու ընթացքին կուտակած փորձառութիւններուն փոխանցումը նոր սերունդին:
Արծրունի պատրաստ նիւթերով հարուստ պաշար մը ունի, պէ՛տք է որ այդ բոլորը համայնքէ համայնք լսուին, փոխանցուին… Իր մէջ ամբարուած մասնագիտական հարուստ գիտելիքները անհրաժեշտ է, որ ամէն գնով փոխանցուին նոր սերունդին:
Բարի երթ եւ ծրագիրներու իրականցում կը մաղթենք հայ ժողովուրդի ծոցէն ծլած-հասակ առած, աշխարահատարած համբաւ վայելող մեր տաղանդաւոր դաշնակահար, երաժիշտ Շահան Արծրունին:
Նիւ Եորք