ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղին եւ ՀԵԴի ուխտին, Մարտ 3ին կանանց յատուկ ինքնապաշտանութեան անվճար դասընթացք մը տեղի ունեցած է Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ, նպատակ ունենալով մասնակիցներուն փոխանցել յարձակումի մը դէմ դնելու համար անհրաժեշտ հիմնական գիտելիքները։
Դասընթացքը առաջնորդած են Լոս Անճելըսի ոստիկանութենէն Մորիս Կոմեզ (4րդ աստիճանի սեւ գօտի) եւ մարզիչ Պերճ Բարսեղեան (5րդ աստիճանի սեւ գօտի), որոնք ֆիզիքական փորձերուն կողքին՝ կենսական տեղեկութիւններ փոխանցած են եւ խօսած նաեւ միշտ զգօն ըլլալու կարեւորութեան մասին։ Իւրայատուկ այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են մօտաւորապէս 30 ներկաներ, ներառեալ՝ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Վընեսա Տելկատօ, որ ձեռնարկին համահովանաւորողներէն մէկն էր։
Նկատի ունենալով ինքնապաշտանութեան սոյն դասընթացքին արձանագրած յաջողութիւնը, անոր կազմակերպիչները հաւանական կը նկատեն, որ նման փորձեր կրկնուին մօտիկ ապագային։