ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ուրբաթ, 9 Մարտի երեկոյեան, գրասէր ընտրանիի մը ժամադրավայրն էր Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահը, ուր ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն՝ նուիրուած արձակագիր Սարգիս Վահագնի ծննդեան 90ամեակին, ինչպէս նաեւ հեղինակին կողմէ վերջերս լոյս ընծայուած «Հաճը՜նը Սիրուն» հատորին:
Միջոցառումին բացման խօսքը կատարեց վարչութեան փոխատենապետ, օրուան հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեան: Ան, իր կարգին, բեմ հրաւիրեց ծանօթ հրապարակագիր ու մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Սարգիս Վահագնի հետ իր ծանօթութիւնը երկար տարիներու, որոնց ընթացքին յոբելեար արձակագիրը անմասն չէր մնացած գաղութի հասարակական եռուզեռէն:
«Հաճը՜նը Սիրուն» վէպը ներկայացուելէ առաջ, հաճելի էր ունկնդրել Վահագնի թոռը՝ Լուքա Փաթափութեանը, որ կիթառի վրայ հրամցուց 3 մեղեդիներ, խլելով ներկաներուն ծափողջոյնները:
Վահագնի հեղինակած աշխատասիրութիւնը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ գրականագէտ ու մասնաճիւղի վարչական անդամուհի Լիլիթ Քէհէեանը, որ Վահագնի կողակիցին՝ երկար տարիներու կրթական մշակ Հայկուհի Փաթափութեանի հետ կատարած էր նորատիպ հատորին խմբագրութիւնը ու մօտէն ծանօթացած հատորին բովանդակութեան:
Քէհէեան բծախնդրօրէն վերլուծեց «Հաճը՜նը Սիրուն» գործը ու անոր մէջ տեղ գտած հեղինակին կողմէ մանրամասնուած դէպքերը, որոնց որպէս արդիւնք նահատակուեցան վեց հազար հաճընցի հայեր:
Արձակագիրին այս վէպը վստահաբար կարեւոր իր տեղը պիտի ունենայ հայ գրականութեան մէջ, Կիլիկիոյ պատմական հարստութեան աւանդը բարձր պահելով:
Ծանօթ գրականագէտ Թամարա Յովհաննիսեան յատուկ այս առիթով ժամանած էր հիւսիսային Քալիֆորնիայէն: Ան, մօտէն ծանօթ ըլլալով արձակագիրին գրական վաստակին՝ գնահատական իր խօսքին մէջ բարձրօրէն դրուատեց Սարգիս Վահագնի իւրայատուկ տեղը արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան մէջ:
Օրուան յայտագիրը ճոխացաւ երաժշտական բաժինով, երբ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Շուշան Յակոբեան նուագեց Բաբաջանեանի «Վաղարշապատի Պարը»: Ապա, ջութակահար Ռուբէն Աղիեանի ընկերակցութեամբ անոնք հրամցուցին Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ը եւ Խաչատուրեանի «Լեկզինկա»ն, արժանանալով ներկաներուն անվերապահ գնահատանքին:
Քալիֆորնիահայ Գրողներու միութեան նախագահ, ծանօթ խմբավար Հենրիկ Անասեան շնորհաւորական իր խօսքը արտասանելէ ետք, միութեան անունով գնահատագիր յանձնեց յոբելեարին: Իսկ «Համայնապատկեր» պարբերաթերթին կողմէ Սարօ Քէօթահեան յուշագիրով մը պատուեց յոբելեարը:
Յայտագիրին ընթացքին հանդիսավար Գարթալեան կարդաց այս առիթով յոբելեարին ուղղուած ողջոյնի գրութիւնները. առաջին հերթին բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Գասպարեանէն, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեանէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէն: Շնորհաւորական գրութիւններ ուղարկած էին նաեւ Պոսթոնէն հրապարակագիր Գրիգոր Քէօսէեան, Կիպրոսէն «Ազատ Խօսք» պարբերաթերթի խմբագիր Երանուհի Գույումճեան եւ Նիւ Եորքէն Զարմինէ Պօղոսեան:
Յայտագիրին վերջին խօսք առնողը եղաւ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ բարձրօրէն գնահատեց յոբելեարին երկարամեայ վաստակը ու իր բարեմաղթութիւններով շնորհաւորեց յոբելեարը իր վերջին արձակ աշխատասիրութեան առիթով:
Շնորհակալական ամփոփ գրութեամբ հանդէս եկաւ յոբելեար Սարգիս Վահագնը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ սրբազան հօր, կազմակերպիչ ԹՄՄի մասնաճիւղին ու մանաւանդ հրատարակուած հատորի մեկենաս Վիգէն եւ Մարալ Գրաճեան ամոլին:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Յովնան սրբազանի «Պահպանիչ»ով, որմէ ետք ներկաները հիւրասիրութեան ընթացքին յոբելեարին կողմէ տրամադրուած հատորներէն օրինակներ ստացան, հեղինակին մակագրումէն ետք:
Արդարեւ, գնահատելի միջոցառում մը՝ նուիրուած նոյնքան գնահատելի վաստակաշատ յոբելեարին: