ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ կրթութեան նախարարին հրաւէրով, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան մեկնած է Մոսկուա, ուր հանդիպած է իր ռուս պաշտօնակից Օլկա Վասիլեւայի հետ:
Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու կրթութեան ոլորտի պատասխանատուները կարեւոր նկատած են կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտէն ներս առկայ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են աւանդական կապերու ամրապնդման ու զարգացման ուղղութեամբ:
Նախարար Վասիլեւա հետաքրքրութիւն յայտնած է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի դասաւանդման արդիւնաւէտ փորձին գծով։
Հանդիպման աւարտին համաձայնուած է կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը ընդլայնել՝ նոր ծրագիրներու իրականացումով, փորձի եւ տեղեկատուութեանց փոխանակումով:
Նախարար Մկրտչեան այցելած է նաեւ Մ. Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի Պետական համալսարանը, ուր հանդիպած է վարիչ-տնօրէն Վիկտոր Սատովնիչիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառէն ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան, միջհամալսարանական կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Մ. Լոմոնոսովի անուան համալսարանի Երեւանի մասնաճիւղի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, կրթական ծրագիրներու ընդլայնման ու զարգացման առնչուող հարցեր: