ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռն, որ երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստան, Մարտ 27ին ընդունուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է նախարար Ժան Ասելպոռնը ու գնահատած նախարարին ջերմ վերաբերմունքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ, ինչպէս նաեւ անաչառ եւ սկզբունքային դիրքորոշումը Հայաստանը յուզող հարցերու շուրջ, արդարօրէն զայն համարելով «Հայաստանի բարեկամը»:
Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան խորապէս շահագրգռուած է Լիւքսեմպուրկի հետ ամրապնդելու եւ զարգացնելու յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներէն ներս:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ բարեկամ Լիւքսեմպուրկը բարձր մակարդակով ներկայութիւն պիտի ըլլայ այս տարուան աշնան Երեւանի մէջ կայանալիք մեծագոյն իրադարձութեան՝ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին:
Սերժ Սարգսեան մեծապէս արժեւորած եւ երախտագիտութիւն յայտնած է Լիւքսեմպուրկին՝ երկրի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի միաձայն ընդունման համար:
Նշենք, որ նախարար Ժան Ասելպոռնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Նախարարը ծաղիկներ դրաւ անմար կրակին մօտ, որմէ ետք յիշատակի ծառուղիին մէջ տնկեց անուանական եղեւնի:
Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան խորհրդարանը 2015ի Մայիս 6ին իր ընդունած բանաձեւով ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: