
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապրիլ 4ին բողոքագիր մը յղած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանի Ֆրանսա այցելութեան կապակցութեամբ:
«Ղարաբաղցի պաշտօնատարներու Ֆրանսա այցերը պարբերական են, ինչ որ հարցականի տակ կը դնէ Փարիզի անաչառութիւնը, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, թէ անիկա ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիր մըն է», յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ՝ ազդարարելով, որ Փարիզի այս կեցուածքը կրնայ վնաս հասցնել երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ապրիլ 3ին հասած էր Ֆրանսա: