ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ այս տարի եւս պիտի կայանայ Արդարութեան Քայլարշաւը, որ Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, կէսօրուան ժամը 12ին պիտի սկսի «ՓենՓըսիֆիք» զբօսայգիէն, հասնելու համար Թուրքիոյ հիւպատոսարան, որ կը գտնուի Ուիլշըր եւ Քրեսընթ Հայթց պողոտաներու խաչմերուկին վրայ։
Հիւպատոսարանը, որ աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր՝ ամէն Ապրիլ 24ին ականատես դարձած է այս հաւաքներուն, այս տարի եւս պիտի ցնցուի իր առջեւ կայանալիք բողոքի ցոյցով։
Յանձնախումբի ատենապետ Գարօ Խանճեան, յանձնախումբին անունով կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի ոգեկոչման նուիրուած սոյն արշաւին, որուն ընթացքին պիտի դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ լուսարձակի տակ պիտի առնուի հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն տիրանալու կարեւորութիւնը:
Յանձնախումբի հանրային յարաբերութեանց ենթայանձնախումբէն Միհրան Խաչատուրեան կ՛աւելցնէ, թէ դաշնակցային եւ նահանգային շարք մը պաշտօնատարներ պիտի մասնակցին քայլարշաւին եւ ցոյցին։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ այդ առիթով կայացած 166,000 հոգինոց հսկայ քայլարշաւը դարձած էր Լոս Անճելըսի պատմութեան մեծագոյն բողոքի ցոյցերէն մէկը, եւ յանձնախումբը յոյսով է, որ այս տարի եւս տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ եւ համակիրներ գործնականապէս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երաշխաւորելու միջազգային արշաւին մէկ մասնիկը հանդիսացող սոյն հաւաքին։
«Այս տարի եւս, հայ երիտասարդութիւնը հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենայ այս նախաձեռնութեան մէջ», կը վստահեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային յանձնախումբի երիտասարդական ենթայանձնախումբի համակարգող Վան Տէր Մկրտիչեան։
«Մաս կազմէ պատմութեան՝ մասնակցելով Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արդար հատուցումներ ապահովելու նպատակով կազմակերպուող Ապրիլ 24ի այս քայլարշաւին։ Բոլորին կոչ կ՛ընենք, որ մեզի միանան Ապրիլ 24ին», կ՛եզրակացնէ յանձնախումբի անդամներէն Միհրան Թումայեան։
Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Սոցեալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Համահայկական Ուսանողական միութիւնը, Ամերիկայի Հայկական համագումարը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական խորհուրդը, Հայկական Իրաւաբանական միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը, Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական խորհուրդը, Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու յանձնախումբը (CASPS), Իրաւաբանական Հայ Ուսանողներու Ազգային միութիւնը եւ «Բաց Վէրքեր» կազմակերպութիւնը։
«ՓենՓըսիֆիք» զբօսայգիի հասցէն է՝ 7600 Beverly Blvd., Los Angeles, CA 90036։
Քայլարշաւին եւ բողոքի ցոյցին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.march4justice.com կայքը։
22 heavy-weight organizations will mobilize probably 10,000 demonstrators, whereas the Unified Young Armenians organization regularly mobilizes 60-100,000 demonstrators all by itself. What is the secret?
(And I am confident my comment will be “modified” indefinitely)…