Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան քաղաքապետ վերընտրուեցաւ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է Զարեհ Սինանեանի վերընտրութիւնը:
Նշենք, որ Կլենտէյլի քաղաքապետը կ՛ընտրուի մէկ տարուան ժամկէտով: Սինանեան 2014էն 2015 վարած էր քաղաքապետի պաշտօնը:
Սինանեան ծնած է Երեւան, 1973ին: 1988ին, ընտանիքով փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ: 1997ին, ան աւարտած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանը՝ քաղաքական գիտութեան եւ պատմութեան մասնագիտութեամբ: Սինանեան իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր է: Ամուսնացած է, ունի 4 երեխայ: