ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Թուհաֆ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ներկայիս Գերմանիա ապրող թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն յայտնած է, որ չի կրնար այցելել Թուրքիա՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր «Հատումը» («The Cut») ֆիլմին պատճառով:
Բեմադրիչը, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր Թուրքիա չէ այցելած, ըսած է նաեւ, որ ֆիլմին նկարահանումէն ետք՝ Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ ան կ՛ընկալուի իբրեւ «ազգի թշնամի»:
«Իսկապէս մտահոգ եմ, որ Թուրքիա կ՛ապրի ծանր ժամանակներ: Ատելութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը կը թունաւորեն ամբողջ երկիրը: Այս երկուքը շատոնց արմատներ կը նետէին երկրին մէջ: Ես թրքական ծագում ունեցող գերմանացի եմ, եւ միշտ այն մտավախութիւնը ունեցած եմ, որ ես հաւանական թիրախ եմ», ըսած է իր «In The Fade» ֆիլմին համար «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակին արժանացած բեմադրիչը:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ կ՛աշխատի հեռու մնալ Թուրքիայէն, եւ այս պահուն մտադրութիւն չունի հոն ֆիլմ նկարահանելու: «Եթէ նոյնիսկ նման մտադրութիւն ունենայի, հաւանաբար կը ձերբակալուէի», աւելցուցած է ան: