Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը եւ ԵՄ անդամ պետութիւններու դեսպանութիւնները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ:
«Եւրոպական Միութիւնը վերստին կը հաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան զարգացման ուղղուած ջանքերուն:
Այս ծիրին մէջ ծայրայեղ կարեւոր է բոլոր կողմերուն ներգրաւումով համապարփակ երկխօսութիւնը՝ Սահմանադրութեան հիման վրայ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ, որ կը բխի Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու շահերէն:
Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ այդ հարցով նախագահ Արմէն Սարգսեանի ջանքերուն:
Ներգրաւուած բոլոր կողմերուն, ներառեալ իրաւապահ մարմիններուն եւ հաւաքներու ու ազատ արտայայտման իրենց իրաւունքը իրականացնողներուն զսպուածութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ցուցաբերելը կը շարունակէ մնալ կարեւոր», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: