ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովին մէջ, Կիրակի, 29 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը «Ծառուկեան» դաշինք խմբակցութեան հետ:
Հանդիպման, որուն չէր մասնակցած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան, խմբակցութիւնը որոշեց Հայաստանի վարչապետի ընտրութիւններուն ատեն միաձայն քուէարկել Փաշինեանի օգտին:
Հանդիպումէն ետք խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրաբեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ կառավարութեան «Ծառուկեան» դաշինքին մաս կազմելու հարցը չէ քննարկուած: Ան նաեւ նշեց, որ վարչապետի ընտրութենէն ետք անպայման պիտի քննարկուի Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման հարցը:
Ընդդիմադիր «Ծառուկեան» դաշինքը Ազգային ժողովին մէջ ունի 31 պատգամաւոր:
Կիրակի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակի վրայ կայացած հանրահաւաքին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատրաստ է «պատասխանատու ձեւով ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը»:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովը Մայիս 1ին նշանակուած յատուկ նիստին նոր վարչապետ պիտի ընտրէ: